
24 ամերիկացի քրիստոնեայ ղեկավարներ 11 Մարտ թուակիր նամակ մը յղած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին՝ կոչ ընելով անոր, որ վճռական քայլերու դիմէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ պահուող 24 քրիստոնեայ պատանդներուն՝ 23 հայերու եւ կրօնափոխ ատրպէյճանցի քրիստոնեայի մը, ազատ արձակումը ապահովելու համար, կը հաղորդէ christiannewswire.com կայքը:
Բաց նամակին տակ ստորագրած անձերը կը վկայակոչեն խոշտանգումներու եւ շարունակուող բռնութիւններու մասին հաւաստի հաղորդումները՝ ընդգծելով իրենց այն համոզումը, որ նախագահ Թրամփի ղեկավարութիւնը եզակի կարողութիւնը ունի այս ճգնաժամը լուծելու, եւ որ անհրաժեշտ են արագ քայլեր՝ փրկելու համար նշեալ քրիստոնեաներուն կեանքը:
«Կը հաւատանք, որ դուք միակ անձն էք, որ կրնայ փրկել քրիստոնեայ պատանդները: Գրեթէ 2 տարիներ առաջ, Ատրպէյճան ցեղային զտումներ իրականացուց առաւել քան 120,000 քրիստոնեայ հայերու նկատմամբ, սակայն Պայտընի վարչակազմը հրաժարեցաւ յատկանշական քայլերու ձեռնարկելէ: Այդ ժամանակէն ի վեր, 23 քրիստոնեայ հայ պատանդներ եւ կրօնափոխ ատրպէյճանցի մը Պաքուի բանտերուն մէջ խոշտանգումներու կ՛ենթարկուին: Միջազգային Կարմիր Խաչը, որ միակ կազմակերպութեանն էր, որուն արտօնուած էր ստուգել բանտարկեալներուն վիճակը, վերջերս հրահանգ ստացաւ երկրէն հեռանալու», կ՛ըսուի վերոնշեալ նամակին մէջ։
Նամակին ամբողջութեան եւ զայն ստորագրած ղեկավարներու ցանկին ծանօթանալու համար այցելել կայքէջը։