
Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի օրէնսդիրներու երկկուսակցական խումբը մտադիր է ներկայացնել «Ատրպէյճանական օդանաւերու շարժիչներու արտածումը սահմանափակման օրէնք» կոչուող օրինագիծը, որ կ՛արգիլէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի օդանաւին համար շարժիչի մասերու արտածումը, կը տեղեկացնէ ծագումով ատրպէյճանցի ամերիկացի լրագրող Ալեքս Ռաուֆողլու, որ իր աղբիւրները վկայակոչելով՝ կը գրէ, թէ քոնկրեսականներուն նպատակը բանտարկուած ատրպէյճանցի ընդդիմադիր Կուպատ Իպատողլուն ազատ արձակելն է:
Օրինագիծը կը պահանջէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ՝ Իպատողլուի բանտարկութեան կարգավիճակին, զայն ազատ արձակելու գծով Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական ջանքերուն եւ կողմնակի կազմակերպութիւններու կողմէ արտածման սահմանափակումները շրջանցելու Ատրպէյճանի փորձերուն մասին մանրամասն տեղեկութիւններ պարունակող հաշուետուութիւն ներկայացնէ քոնկրեսի համապատասխան յանձնաժողովներուն՝ անոր ուժի մէջ մտնելէն ոչ ուշ, քան՝ 30 օրեր ետք:
«Եթէ պարզուի, որ օտար ընկերութիւնը, ֆինանսական կազմակերպութիւնը կամ կառավարութիւնը նպաստած է GE90-110B1L կամ GE90-115B շարժիչի մասերու Ատրպէյճան արտածման, Միացեալ Նահանգները պիտի կիրարկէ պատժամիջոցներ, որոնց կարգին՝ իրաւախախտի մասնակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու ֆինանսական գործարքներու արգելափակում, Միացեալ Նահանգներու արտածման արտօնութիւններու չեղարկում օրինախախտ ընկերութեան համար», «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է Ռաուֆողլու: