11 Մարտ ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին նախագահութեամբ ընթացք առաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը, հաղորդագրութեան մը միջոցով յայտնեցին Մայր Աթոռէն:
«Ժողովը բացուեց Տէրունական աղօթքով, որից յետոյ Գերագոյն հոգեւոր խորհրդի հոգեւորական եւ աշխարհական անդամներին իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը` գոհունակութեամբ ընդգծելով Կ. Պոլսի Հայոց պատրիարքի մասնակցութիւնը ԳՀԽին: Նորին Սրբութիւնը, իր գնահատանքը յայտնելով ԳՀԽ անդամներին Սուրբ Եկեղեցուն բերուող օգտակար ծառայութեան համար, հայցեց Սուրբ Հոգու առաջնորդութիւնը ժողովի բարեյաջող եւ արդիւնաւէտ ընթացքի համար: Քառօրեայ ժողովի օրակարգում ընդգրկուած են ազգային-եկեղեցական ժողովի կազմակերպական աշխատանքներին, եկեղեցու հովուական, կրթական, կանոնական, վարչական, կարգապահական, սոցիալական (ընկերային) ու եկեղեցու առաքելութեան արդիւնաւորմանն առնչուած այլ հարցեր: Քննարկման առարկայ կը դառնան hայրենական կեանքի արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրները, Ադրբեջանում ապօրինաբար պահուող գերիների եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդագրական խնդիրները: Գերագոյն հոգեւոր խորհրդին կը ներկայացուի նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի 2024 թուականի գործունէութեան տեղեկագիրը, կը լսուեն հոգեւոր-վարչական գործունէութեան զեկոյցը, ֆինանսական հաշուետուութիւնը եւ վերստուգիչ յանձնախմբի տարեկան հաշուետուութիւնը», կ՛ըսուի Էջմիածինի հաղորդագրութեան մէջ: