Ատրպէյճանի, Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ եռակողմ յարաբերութիւնները սերտացնելու ջանքերուն ծիրին մէջ, խումբ մը հեղինակաւոր հրեայ կրօնապետներ նամակներով կոչ ըրին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին, որ Պաքուն մասնակից դարձնէ «Աբրահամեան համաձայնագիրներ»ու նախաձեռնութեան։
Ռաբբիները կը նշեն, որ նախաձեռնութեան մասնակցողները Միացեալ Նահանգներէն յատկանշական աջակցութիւններ կը ստանան, սակայն Ատրպէյճանի պէս «վստահելի դաշնակից» մը ցարդ ոչ միայն չի մասնակցիր այս նախաձեռնութեան, այլ նոյնիսկ «կը տուժէ ամերիկեան պատժամիջոցներէն»:
Նշենք, որ 2020ին, Թրամփի վարչախումբին նախաձեռնած «Աբրահամեան համաձայնագիրներ»ը կը միտին Իսրայէլի եւ արաբական ու իսլամական երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնել։