Ուրբաթ, 28 Փետրուարի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան շրջանի պաշտօնական հաստատութիւններու եւ անձնաւորութիւններու շնորհելիք այցելութիւններու ծիրին մէջ, առաջին այցելութիւնը տուաւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսութեան եւ տեսակցեցաւ գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Կարէն Իսրայէլեանի հետ, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան անդամ դոկտ. Գալուստ Ակոբեանի եւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Զարեհ Ծ. վրդ. Սարգիսեանի:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ փոխադարձ գործակցութիւնը աւելի եւս սերտացնելու՝ յանուն ազգի, հայրենիքի ու գաղութներու, ըստ կարելւոյն բարին ու դրականը շատցնելու համար հայութեան կեանքին մէջ:
Այս առիթով, սրբազան հայրը ծանօթացաւ նաեւ Հայաստանի հիւպատոսարանի բաժանմունքներուն, աշխատակազմին եւ իր բարի մաղթանքները եւ հայրական օրհնութիւնները բաշխեց բոլորին, ապա Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատմութեան գիրքը եւ Ազգային առաջնորդարանի ապակեայ յուշանուէրը յաջողութեան ջերմ մաղթանքներով յանձնեց դոկտ. Իսրայէլեանին: