Չորեքշաբթի, 26 Փետրուարի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ընդունեց այցելութիւնը Հայկական Ոսկրածուծի հիմնարկի ներկայացուցիչներուն, գլխաւորութեամբ վարչութեան նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի:
Այցելուները շնորհաւորեցին սրբազան հայրը Ս. Ծննդեան եւ Ամանորի տօնին առիթներով, զեկուցեցին իրենց վերջին իրագործումներուն եւ հետագայ աշխատանքներուն մասին՝ ընդգծելով, որ վերջին ամիսներուն առաւել եւս ուռճացած է աշխատողներու թիւը, ինչպէս նաեւ նոյնքան աճած՝ այս ծրագիրով հետաքրքրուողներու թիւը, մարդկային կեանքի փրկութեան ի նպաստ:
Տոքթ. Ճորտըն նաեւ բացատրեց, որ հիմնարկը կը շարունակէ նոր նուիրատուներ (donors) գտնել աշխարհի տարածքին, ի նպաստ իրենց դիմող հիւանդներու առողջութեան վերականգնման եւ մարդկային կեանքերու փրկութեան՝ աւելցնելով, որ որքան մեծ ըլլայ նուիրատուներուն թիւը, այնքան մեծ կ՛ըլլայ մահացու հիւանդութիւններ ունեցող մարդոց առողջանալու եւ կեանքին վերադառնալու հաւանականութիւնը, ապա ան վարչութեան անունով խնդրամատոյց եղաւ առաջնորդին, որ ճշդէ եւ գլխաւորէ մօտիկ Կիրակի մը՝ իբրեւ աղօթքի օր:
Սրբազանը, իր կարգին, շնորհաւորեց պատասխանատուները եւ իրենց օգնական կամաւոր ծառայողները՝ ոսկրածուծի պատուաստման ճամբով իրենց կատարած յոյժ գնահատելի գործին համար եւ դիտել տուաւ, որ Մեծ Պահոց շրջանի հոգեւոր արթնութեան եւ կեանքի նորոգման այս ներկայ օրերուն առաւել եւս կը շեշտուի մարդասիրական այսպիսի ծառայութիւններու կարեւորութիւնը մարդոց կեանքին մէջ՝ ըսելով. «Դուք անյոյսներուն յոյս կը ներշնչէք եւ յուսահատները յոյսով կը զինէք»:
Յետ խորհրդակցութեան՝ Կիրակի, 23 Մարտը աղօթքի օրուան թուական որոշուեցաւ: