Ատրպէյճան իր երկրին մէջ փակեց Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ներկայացուցչութիւնը: Կազմակերպութեան հանրային կապերու պատասխանատուն ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատուական գործակալութեան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը իրենց արդէն տեղեկացուցած է այդ մտադրութեան մասին:
Կարմիր Խաչի կոմիտէն միակ կազմակերպութիւնն է, որուն միջոցով Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայ գերիներուն ընտանիքները կարելիութիւնը ունին որեւէ տեղեկութիւն ստանալու կամ կապ հաստատելու գերութեան մէջ գտնուող իրենց հարազատին հետ, նաեւ ծանրոց ուղարկելու անոնց։
Ըստ Ատրպէյճանի կառավարութեան հիմնաւորումին` Կարմիր Խաչի Պաքուի գրասենեակի գործունէութեան կարիք չկայ:
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները յայտնեցին, թէ պաշտօնական Պաքու նաեւ մեղադրանքներ ունի Կարմիր Խաչի գրասենեակին դէմ: Կը նշուի, որ առանց Պաքուն տեղեակ պահելու՝ անոնք գրասենեակ բացած են Ստեփանակերտի մէջ, ապա մերժած են փակել զայն:
Ասոր կողքին, Պաքու կը պնդէ, որ՝ իբր թէ կազմակերպութեան ներկայացուցիչները «մաքսանենգութեամբ կը զբաղին»` Կարմիր Խաչի շտապ օգնութեան ինքնաշարժներով մաքսանենգուած ապրանքներ տեղափոխած են: Պաքու մարդասիրական կազմակերպութեան աշխատակիցները կը մեղադրէ նաեւ Հայաստանի օգտին լրտեսութիւն կատարելու մէջ:
Կարմիր Խաչի գրասենեակը նախորդ տարի փակուեցաւ նաեւ Արցախի մէջ, այդ ժամանակ Պաքու յայտարարեց, թէ անոնք իրենց գործունէութիւնը պիտի շարունակեն Պարտայի գրասենեակէն:
Հայաստանի մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան, 1990ականներէն սկսեալ անհետ կորսուածներու եւ գերիներու հարցերով զբաղող Լարիսա Ալավերդեան մտահոգիչ նկատեց այս քայլը եւ լուրջ հարուած՝ հայ գերիներուն եւ պատանդներուն համար՝ շեշտելով, որ Ատրպէյճան այսպիսով իր ձեռքերը կ՛ազատէ կապանքներէ:
«Այս պայմաններում Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է դիմի Բաքուին` հայերին այցելելու համար, եթէ ո՛չ, շատ ազդեցիկ միջազգային կառոյցները անյապաղ պէտք է միջամտեն», ըսաւ իշխանութիւններուն կեցուածքէն դժգոհ Լարիսա Ալավերդեան՝ աւելցնելով. «Ոչինչ չասող, կմկմացուող, երկրորդ նախադասութիւնն այդ բաներից յետոյ էլի խաղաղութեան մասին է: Ի՞նչ էք ուզում ասել, զո՞հ էք տալիս այդ մարդկանց այդ պայմանագրի… չի կարող այդպիսի պայմանագիր լինել, որին չեն նախորդում մարդասիրական քայլեր»։
Այս մասին խօսեցաւ նաեւ իրաւապաշտպան, Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնի նախագահ Սիրանուշ Սահակեան: «Ադրբեջանը ստեղծել է մի նարատիւ (պատում), որ կոնֆլիկտը (բախումը, հակամարտութիւնը) լուծուած է, կոնֆլիկտով պայմանաւորուած մարդասիրական խնդիրները լուծուած են, Ադրբեջանն ունի մարդու իրաւունքների հարցերով զբաղուող կառոյցներ, եւ սեփական ուժերով կարող է հանգուցալուծել իրավիճակը: Եւ նման պայմաններում օտարերկրեայ կառոյցների ներկայութիւնը ցանկալի չէ: Այսպիսով ամբողջական մեկուսացման մէջ է ուզում պահել հայերին, ինչու ոչ` նաեւ սեփական քաղաքացիներին», յայտնեց Սահակեան, ըստ որուն, Ատրպէյճան մինչեւ այսօր չէ ապահոված հայ պատանդներու պահման պայմանները միջազգային չափորոշիչներուն համապատասխան: Ոեւէ հայ պատանդ իրաւունք չէ ունեցած տեսակցիլ իր ընտանիքի անդամներուն հետ, անոնք նոյնիսկ զրկուած են փաստաբաններուն հետ տեսակցելու կարելիութենէն:
Ներկայացնելով հայրենադարձուած գերիներուն վկայութիւնները՝ Սահակեան կը յայտնէ, որ հայերը Պաքուի բանտերուն մէջ այնպիսի անմարդկային պայմաններու մէջ կը պահուին, որ նոյնիսկ անոնց նկարագրութիւնը դասագիրքերու կամ դատական նախադէպերուն մէջ կարելի չէ ընթերցել: