

Լոս Անճելըսի Քեսապի Կրթասիրաց միութեան 65րդ տարեգիրքի ներկայացումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 26 Յունուարին։
Ձեռնարկը նաեւ առիթ հանդիսացաւ լուսարձակի տակ առնելու միութեան եւ աշխարհասփիւռ քեսապցիներու իրագործումները, ինչպէս նաեւ մեծարելու միութեան գործունէութեան մէջ յատկանշական ներդրում ունեցած դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանը։
Միութեան գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել՝ www.keaofla.com կայքը։