ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Մեղք եւ մեղքեր…: Մեղքը Աստուծոյ դէմ ապստամբութիւն եւ հակառակութիւն է: Աստուծմէ բաժանում եւ անջատում է: Մեղքէն է, որ կը ծնին բազմաթիւ եւ այլազան մեղքեր: Հին ժամանակներու եկեղեցին փորձեց զանազանել «մահացու» մեղքերը երկրորդական մեղքերէ: Հռոմի պապը, Մեծն Գրիգոր, 7րդ դարու սկիզբը մարդոց գործած ստուար մեղքերու մէջէն մէկդի դրաւ հետեւեալ 7 մեղքերը, որոնք «Մահացու Մեղքեր» կոչեց: Անոնք էին՝ հպարտութիւն, բարկութիւն, նախանձ, ծուլութիւն, ագահութիւն, որկրամոլութիւն եւ բղջախոհութիւն:
Մեղքերու այդ զանազանութիւնը ընելով՝ մարդիկ այնքան ուշադիր եղած չեն այսպէս կոչուած «երկրորդական» մեղքերու հանդէպ: Անթիւ եւ անհամար մեղքեր կան, որոնք դուրս կը մնան «Եօթը Մահացու Մեղքեր»ու ցանկէն եւ իմաստով մը չեն հակասեր Հին Կտակարանի «Տասնաբանեայ Պատուիրաններ»ուն, սակայն անոնք չեն դադրիր մեղք ըլլալէ, եւ երբեմն շատ աւելի մահացու են քան միւսները:
Այսպէս, կան «ընելով» մեղքեր եւ կան նաեւ «չընելով» մեղքեր: Անգլիախօս աշխարհը կոչած է զանոնք “Sins of commission” եւ “Sins of omission”: Հին եբրայեցիներ գործքով կատարուած մեղքերու ցանկը բարձրացուցած են հարիւրներու, որովհետեւ իւրաքանչիւր բարեպաշտ հրեայ կոչուած էր եբրայական 613 պատուիրանները պահելու: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը չպահելու պարագային անձի մը մեղքերը կ՛աւելնային: Այդ մեղքերէն ոմանց պատիժը խիստ էր: Օրինակ, շնութեան մէջ բռնուող կին մը դատապարտուած էր քարկոծուելով սպաննուելու:
Արդի ժամանակներու մէջ տեսանելի եւ շօշափելի մեղքեր օրէնքով, դատով եւ դատարանով կը պատժուին: Հանրային կարծիքն ալ կը դատապարտէ շատ մը մեղքեր, որոնց արդիւնքը վնասակար կը սեպուի մարդկային ընկերութեան մէջ:
Երկրորդ դասակարգը, զոր «Զանցառութեան» մեղքեր կը կոչուին, ծածուկ, սրտի ու մտքի մեղքեր են, որոնք դժուար կը փաստուին, բայց որոնք նոյնչափ դատապարտելի են: Մատթէոս աւետարանի 25րդ գլխուն 31-43 համարներուն մէջ արձանագրուած է Յիսուսի «Վերջին Դատաստանի Առակը», որ երկու դասակարգերու կը բաժնէ մարդիկ: Անոնք որ գութ, կարեկցութիւն եւ սէր ցոյց տուած են իրենց նմաններուն, արժանի կը դառնան Տիրոջ փառքին: Իսկ անոնք որոնք զանցառու եղած են իրենց մարդկային պարտականութեանց մէջ, կը դատապարտուին դժոխք երթալու: Քրիստոս անոնց պիտի ըսէ․ «Մէկդի գացէք ինձմէ, որովհետեւ այս իմ եղբայրներէս մէկուն չըրիք, ինծի ալ չըրիք»:
Յակոբոս առաքեալ քրիստոսաւանդ այս ցուցմունքին հետեւողութեամբ կը գրէ. « Ով որ բարին գիտնայ ու չընէ, անիկա մեղք է անոր»: Այլ խօսքով, ուրիշի մը օգնութեան կարիքը տեսնել եւ անոր չօգնել այնչափ դատապարտելի է որչափ մէկու մը ունեցածը յափշտակել:
Երբ ականատես եւ ականջալուր կ՛ըլլանք գործուող մեղքի մը եւ պարզապէս «աչք կը գոցենք» կամ բանիւ թէ գործով, կ՛ըսենք «ինծի ի՞նչ», «ի՞նչիս պէտք», կամ «ինչո՞ւ գէշ մարդ ըլլամ», այն ատեն մեղսակից կը դառնանք մեղաւորին: Չարիքը տեսնել ու չմիջամտել, անարդարութեան առջեւ անտարբեր մնալ, մեզ նոյնչափ մեղաւոր կը դարձնէ որչափ չարիք եւ անարդարութիւն գործող անհատը:
«Բարի Սամարացիին Առակ»ին մէջ քահանան եւ ղեւտացին նոյնչափ դատապարտելի էին, որչափ այն աւազակները որ, վիրաւորեցին Երուսաղէմէն Երիքով ճանապարհին վրայ ճամբորդը:
Միւս կողմէ, եթէ օգտակար թելադրութիւն մը ունինք, բարի արարք մը կրնանք ընել՝ չզլանանք ընել զայն անյապաղ: Բարեացակամ զգացումներ եւ խորհուրդներ ունենալ բաւական չեն: Զանոնք գործի վերածելու ենք առանց յետաձգումի կամ ոչ արդարանալի ձգձգումներու: Ըսուած է, թէ դժոխքը սալապատուած է գեղեցիկ դիտաւորութիւններով, որոնք չեն իրականացած:
Երբեք մտահան ընելու չենք այն իրողութիւնը որ միայն անիրաւութիւններով, չարախօսութիւններով եւ վատ արարքներով չէ, որ վնաս կը հասցնենք մարդոց, այլ նաեւ մեր անտարբերութեամբ, լռութեամբ, չէզոք դիրքով կամ սոսկ բարեհաճ, բայց ամուլ իղձերով, կամ զանոնք յուսախաբ դարձնելով: