Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը Երեւանի մէջ յատկապէս կազմակերպուած հաւաքոյթին ընթացքին նշեց իր գործունէութեան երկրորդ ամեակը, ինչպէս նաեւ առաքելութեան՝ յաւելեալ 2 տարիով երկարաձգումը:
Առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթըր ըսաւ, որ այս 2 տարիներուն ընթացքին, առաւել քան 4500 պարեկութիւններ կատարուած են, եւ որ նաեւ այդ պարեկութիւններուն շնորհիւ Հայաստանի սահմաններուն աւելի քիչ թիւով միջադէպեր արձանագրուած են, քան՝ 2 տարի առաջ: Ըստ անոր՝ սահմանին այժմ իրավիճակը հանգիստ է, բայց գալիքը կարելի չէ կանխատեսել։
«Ես չեմ կրնար ըսել, թէ կողմերը ինչի՛ կը պատրաստուին, բայց երկու կողմերն ալ ամրաշինական աշխատանքներ կը կատարեն իրենց դիրքերուն մէջ, իսկ նպատակին մասին հարցումները կրնաք ուղղել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութիւններուն», ըսաւ Ռիթըր, որ Անդրադառնալով Ատրպէյճանէն հնչող մեղադրանքներուն, թէ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը «լրտեսական» գործունէութիւն կը կատարէ, եւ թէ այդ գործունէութիւնը «չի նպաստեր» խաղաղութեան հաստատման՝ ընդգծեց, թէ իրենց գործունէութիւնը թափանցիկ է եւ իրենք լրտեսութիւն չեն կատարեր:
«Անշուշտ, Պրիւքսէլի մէջ եւս գիտեն, որ Ատրպէյճան այնքան երջանիկ չէ մեր ներկայութենէն: Ես կրնամ միայն ըսել, որ մենք կը հետեւինք սահմանի իրավիճակին: Մենք չենք լրտեսեր, դիտարկում կը կատարենք, թէ ինչ կ՛ընեն երկու կողմերը, պատկեր կը կազմենք անկէ ու Պրիւքսէլին կը զեկուցենք, ո՛չ կը լրտեսենք, ո՛չ ալ ոեւէ մէկուն վնաս կը հասցնենք», յայտարարեց Ռիթըր։
Հաւաքոյթին ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը, բազմաթիւ երկիրներու դեսպաններ, որոնց կարգին՝ Եւրոպական Միութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոս, որ պատասխանելով այն հարցումին՝ թէ ի՞նչ փուլի մէջ կը գտնուին Եւրոպական Միութեան հետ գործընկերութեան նոր փաստաթուղթի բանակցութիւնները, եւ ե՞րբ կարելի է անոնց ստորագրութիւնը՝ ըսաւ, որ ըստ երեւոյթին ամէնէն ուշը աշնան պէտք է այդ փաստաթուղթը ստորագրուած ըլլայ:
«Գործընկերութեան նոր փաստաթուղթը շատ շուտով կը ստորագրենք: Բանակցութիւնները վստահաբար այս տարի պիտի աւարտին, ստորագրութիւնը հաւանաբար կա՛մ նախքան այս ամառ, կա՛մ անկէ ետք տեղի պիտի ունենայ: Բայց կ՛ուզեմ Հայաստանի քաղաքացիներուն ըսել, որ մենք չենք դադրեցներ մեր աշխատանքը, չենք սպասեր այս նոր փաստաթուղթի ստորագրութեան, այս պահուն ալ աշխատանքը կը շարունակուի Հայաստանի հետ», յայտնեց Մարակոս: