Լիբանանի խորհրդարանը 27 Փետրուարին, երկրորդ օրը ըլլալով շարունակեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին քննարկումը:
Քննարկումը մէկ օր առաջ սկսած էր վարչապետ Նաուաֆ Սալամէի կողմէ կառավարութեան ծրագիրին ընթերցումով։
«Յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին ելեկտրականութեան մարզի կարգաւորման մարմին մը պիտի կազմենք եւ աշխատանք պիտի տանինք գործարկելու տուրքերու հաւաքումը եւ մատակարարումը աւելցնելու համար ցանցին նկատմամբ ոտնձգութիւններու դադրեցումը: Աշխատանք պիտի տանինք պէտք եղած աջակցութիւնը ապահովելու Իսրայէլին պարտադրելու համար, որ գերիշխանութեան ոտնձգութիւնները դադրեցնէ, հեռանայ մեր հողերէն եւ գործադրէ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը: Աշխատանք պիտի տանինք կարելի եղածին չափ շուտ դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներ ունեցողներու հարցին լուծումներ գտնելու` հիմնուելով անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան վրայ», երկօրեայ նիստին աւարտին ըսաւ Սալամ:
Ան նաեւ յայտարարեց, որ քանի մը շաբաթէն ատակ անձերու նշանակումներ պիտի կատարեն, «եւ պիտի ուղղուինք դէպի ապակեդրոնացումի որդեգրումը եւ Քաղաքական համայնքայնութեան ջնջման ազգային մարմինի մը կազմութիւնը»:
«Աշխատանք պիտի տանինք սուրիական իշխանութիւններուն հետ լուրջ երկխօսութեան. մենք կ՛ընդգծենք սուրիացի գաղթականներուն իրենց երկիրը վերադարձի կարեւորութիւնը», ըսաւ Սալամ, որուն խօսքէն ետք ընթացք առաւ քուէարկութիւնը, որուն հիման վրայ կառավարութիւնը 95 քուէներով ստացաւ խորհրդարանին վստահութիւնը: