
ԶԱՆԱԶԱՆ ԱՆՁԵՐ ԵՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Կ՛ԱՀԱԶԱՆԳԵՆ
Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի կեանքը վտանգուած է. ան Պաքուի մէջ խոշտանգումներու եւ դաժան վերաբերմունքի կ՛ենթարկուի։ Վերջին դատական նիստի պատկերներուն մէջ դէմքին նաեւ վէրքեր կ՛երեւին: 26 եւ 27 Փետրուարին, զանազան իրաւապաշտպաններ, անձնաւորութիւններ եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ այս մասին մտահոգութիւն յայտնեցին՝ բաղդատելով ընդամէնը մէկ շաբաթուան տարբերութեամբ տեղի ունեցած դատական երկու նիստերուն լուսանկարները: Անոր նկատմամբ ապօրինութիւններուն դէմ բողոքող Վարդանեան 18 Փետրուարին հացադուլ յայտարարեց, 25ին արդէն ան ակնյայտօրէն հիւծուած էր, եւ դէմքին կային վէրքեր:
25 Փետրուարին, շինծու դատավարութեան ընթացքին, Վարդանեան ուշքը կորսնցուցած էր: Ըստ ատրպէյճանական պետական «Ազերթաճ»ի՝ բժիշկը այցելեց դատարան, սակայն ընդմիջումէն ետք նիստը շարունակուեցաւ:
Վարդանեանի փաստաբանը՝ Ճերըտ Կենսըր, մտահոգութիւն յայտնեց եւ ըսաւ, որ քաղաքական բանտարկեալ Ռուբէն Վարդանեանի առողջութիւնը վտանգաւոր վիճակի մէջ է:
Ռուբէն Վարդանեանի որդին՝ Դաւիթ Վարդանեան, կոչ ուղղեց՝ պայքարելու Պաքուի մէջ տեղի ունեցող ցուցադրական դատավարութիւններուն դէմ: Ան ամբողջ հայութիւնը հրաւիրեց ՝ տարակարծութիւնները մէկդի դնելու, եւ աւելցուց, թէ այնքան ատեն որ իր հայրը եւ Պաքուի մէջ պահուող միւս գերիները բանտերու մէջ են, ոչ մէկ հայ ապահով է։ «Հօրս ցմահ ազատազրկում է սպառնում մի երկրում, որտեղ սեփական քաղաքացիների իրաւունքներն են խախտւում, մի երկրում, որ 40 տարի մէկ ընտանիք է ղեկավարում: Բոլորս գիտենք, որ Ադրբեջանում անկախ դատական համակարգ չկայ, եւ այս դատավարութիւնները քաղաքական են», շեշտեց ան:
Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան իր կարգին հաստատեց, որ Պաքուի բանտէն Ռուբէն Վարդանեանի յայտարարութիւնները բոլորիս ուղղուած յստակ ուղերձ պէտք է ըլլան, որ իրաւունք չունինք անտարբեր մնալու եւ պարտաւոր ենք ընել մեզմէ կախեալ ամէն ինչ:
Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան, այժմ իրաւապաշտպանական գործունէութիւն ծաւալող Արման Թաթոյեան իր կարգին շեշտեց, որ Հայաստան գերիներու հարցը պէտք է դարձնէ արտաքին քաղաքականութեան գերակայութիւն, ոչ թէ զայն դիտարկէ իբրեւ անհատներու ազատ արձակման հարց:
«Բացայայտ անօրինական դատավարութիւններով, որոնք Ադրբեջանն անում է մտադրուած հրապարակային, ցոյց է տալիս հայ ժողովրդին առհասարակ, որ եթէ դուք որեւէ մէկ անգամ փորձ անէք նման պահուածք դրսեւորել, այսինքն՝ պայքարը նկատի ունենալով, դուք բոլորդ յայտնուելու էք այս վիճակի մէջ: Սա արդէն ֆաշիստական քաղաքականութեան էլեմենտներից (բաղադրիչներէն) է», «Ազատութեան» հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ Թաթոյեան, ըստ որուն,
Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներու դատավճիռներով Ատրպէյճան կը պատրաստուի Հայաստանին մտացածին մեղադրանքներ ներկայացնել, ըստ այդմ, նոր յարձակումի հիմքեր ստեղծել:
«Սրբազան պայքար»ի առաջնորդ Բագրատ սրբազանը իր կարգին յայտնեց, որ Արցախի ղեկավարները դաւաճանութեան ենթարկուեցան թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին ճակատներու վրայ, իսկ անոնք այսօր Պաքուի մէջ են յատկապէս Հայաստանի իշխանութեան եւ անոր ղեկավարին ուրացման պատճառով:
Բագրատ սրբազանը յատուկ կոչ ուղղեց հանրութեան՝ ըսելով. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, մեծ ու փոքր բոլոր ջանքերը գործադրէք, ինչ հնարաւոր կապեր ունէք՝ սոցիալական (ընկերային) ցանցերով կը լինի կամ ուղղակի կառոյցների հետ յարաբերութիւններով, հնարաւոր բոլոր տարբերակները գործադրէք՝ այս խնդրի մասին բարձրաձայնելու»:
Ասոր զուգահեռ, առաւել քան 25 կազմակերպութիւններ բաց նամակով մը դիմեցին Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) նախագահ Միրեանա Սփոլեարիչ Էկերին՝ կոչ ուղղելով՝ անյապաղ միջամտելու Ատրպէյճանի մէջ հացադուլի մէջ գտնուող Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի եւ քաղաքական դրդապատճառներով անօրէն կերպով դատուող միւս հայ գերիներուն իրավիճակին գծով:
Հայկական Փի. Առ. (PR-հանրային յարաբերութիւններու) միութիւնը իր կարգին խստօրէն դատապարտեց Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ Ռուբէն Վարդանեանի, Արցախի ղեկավարութեան եւ 44օրեայ պատերազմի հայ ռազմագերիներուն նկատմամբ իրականացուող խոշտանգումները, անօրէն ձերբակալութիւնները եւ անարդար դատավարութիւնները:
«Հայաստանի իշխանութիւնները պարտաւոր են անյապաղ բոլոր հնարաւոր դիւանագիտական, իրաւական եւ քաղաքական միջոցները ձեռնարկել՝ պաշտպանելու իրենց քաղաքացիներին եւ ապահովելու նրանց ազատ արձակումը: Հայաստանի պետական կառոյցների պասիւութիւնը (կրաւորականութիւնը) կամ անարդիւնաւէտ քայլերն անընդունելի են եւ չեն կարող արդարացուել: Միաժամանակ, միջազգային հանրութիւնն ու մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան կազմակերպութիւնները պէտք է դադարեցնեն անտարբերութիւնը եւ գործուն քայլեր ձեռնարկեն՝ ձեռնպահ մնալ հայ ռազմագերիների նկատմամբ անմարդկային վերաբերմունքից եւ խոշտանգումներից, միաժամանակ ստիպեն Ադրբեջանին դադարեցնել շինծու դատավարութիւնները: Այս հարցը պէտք է բարձրացուի ՄԱԿում, Եւրոպայի խորհրդում, ԵԱՀԿում եւ բոլոր հնարաւոր միջազգային հարթակներում, որոնք տարիներ շարունակ ամենաբարձր միջազգային ամբիոններից բարձրաձայնել են մարդու իրաւունքների կարեւորութիւնն ու գերակայութիւնը: Պէտք է կիրառուեն համապատասխան պատժամիջոցներ, որպէսզի Ադրբեջանը պատասխանատուութիւն կրի իր պատերազմական յանցագործութիւնների համար», կ՛ըսուի Հայկական Փի. Առ. միութեան յայտարարութեան մէջ: