Երեքշաբթի օր գումարուեցաւ Սուրիոյ մէջ ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովը, որուն աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Կոչ կ՛ուղղենք՝ խաղաղ գոյակցութեան արժէքները ամրապնդելու եւ փոխանցման արդարութիւնը իրագործելու»:
«Սուրիան մասնատումը չ՛ընդունիր, որովհետեւ անիկա մէկ ամբողջութիւն է: Պէտք չէ ներածենք վարչակարգեր, որոնք չեն պատշաճիր մեր երկրի կացութեան, եւ պէտք չէ հանրութիւնները վերածենք քաղաքական երազներու իրագործման փորձարկման դաշտերու:
Պէտք է համբերատար ըլլանք եւ Սուրիոյ վրայ չբեռցնենք իր կարողութենէն աւելին: Հայրենիքի բոլոր զաւակներուն պարտաւորութիւնն է՝ իրենց դերը կատարել: Կան ոմանք, որոնք կը փորձեն ականահարել սուրիացի ժողովուրդին ձեռքբերումները, եւ պէտք է ամենայն վճռականութեամբ դիմակայենք բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն վտանգել մեր անվտանգութիւնը եւ միասնականութիւնը, իսկ Սուրիոյ տագնապները պէտք է վերածենք ներդրումային առիթներու», խորհրդաժողովին սկիզբը իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարհ՝ աւելցնելով. «Սուրիան բոլորիդ կոչ կ՛ուղղէ` միասին կանգնելու եւ գործակցելու զինք դարմանելու եւ վէրքերը առողջացնելու համար եւ ամբողջական վստահութիւն ունի, որ այսուհետեւ զայն յուսախաբ պիտի չընէք եւ զայն պիտի չանտեսէք, եւ անոր ու անոր զաւակներուն պաշտպանութեան եւ բարգաւաճման վրայ պիտի հսկէք»: