Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը երկար ժամանակ եւ ջանք պիտի պահանջէ. այդ գործընթացը մէկ օրուան կամ մէկ-երկու տարուան ընթացքին իրականութիւն չի կրնար դառնալ։ Անդրադառնալով Երեւանի անդամակցութեան հեռանկարին` Ազգային ժողովին մէջ, 25 Փետրուարին այս յայտարարութիւնը կատարեցին Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորները: Անոնք շեշտեցին, որ անդամակցութեան ճամբուն վրայ Հայաստան շատ մեծ բարեփոխումներ պէտք է կատարէ, երկրի օրէնսդրութիւնը` արդարադատութեան ոլորտէն մինչեւ ընկերային` եւրոպական չափանիշներուն համապատասխանեցնելու:
«Եթէ ոեւէ մէկը կը հաւատայ, կամ եթէ ոեւէ քաղաքական գործիչ կը խոստանայ, որ Հայաստան կրնայ քանի մը տարուան ընթացքին անդամակցիլ Եւրոպական Միութեան, ակնյայտ է, որ անիկա ուռճացուած ակնկալութիւն է: Եթէ մենք կը խօսինք 5, 7 կամ 10 տարուան մասին, պարզապէս կը կանխատեսենք` նախորդ երկիրներու փորձառութիւնը նկատի ունենալով, այդ մէկը աւելի իրատեսական կրնայ ըլլալ», ըսաւ Լաթուիան ներկայացնող Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Գիլզ Ուշքովս:
Ան իր, դրացի եւ միւս եւրոպական երկիրներուն օրինակը բերաւ` ընդգծելով, որ բոլոր պարագաներուն անդամակցութեան գործընթացը տարիներ տեւած է: Օրինակ՝ Լաթուիոյ պարագային գրեթէ 10 տարիներ տեւեց:
Նոյնը շեշտեց լիթուանացի պատգամաւոր Ռասա Իվքնեւիչենօ՝ նշելով, որ 14 տարիներ պէտք եղան Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալու համար: «Ոչ ոք մեզի կը սպասէր՝ ըսելով, որ կը խնդրեմ, եկէք: Այդ մեր որոշումն էր», ըսաւ ան։
իթուանացի պատգամաւոր Վիթենիս Անտրիւքայթիս, պատասխանելով նոյն հարցումին՝ ըսաւ, որ Եւրոպական Միութեան միանալը Հայաստանի որոշումն է: «Ատիկա ձեր որոշելիքն է, թէ ո՛ր տարածքին մէջ էք հիմա դուք: Եթէ դուք համաձայն էք միանալու միասնական շուկային, այլ հարց է, եթէ ոչ` այլ», յայտնեց ան:
Եւրոպացի պատգամաւորները կը պատասխանէին ընդդիմադիր «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան քարտուղար Հայկ Մամիջանեանին, որ ուզեց գիտնալ՝ ի՞նչ է ԵԱՏՄի անդամ Հայաստանին այլ` Եւրոպական Միութեան անդամ դարձնելու վերջնական նպատակը: «Մենք Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ ենք, մեր տնտեսութիւնն էապէս դրանից կախուած է: Լաւ է, վատ է` այլ հարց է: Դուք ամուսնացած անձին էք մօտեցել, ներողութիւն վերաշարադրելու համար… բայց մենք ամուսնալուծութեան կարիք ունենք: Կարծում եմ` նորմալ է, երբ ես` որպէս ժողովրդի ներկայացուցիչ, ունեմ որոշ հարցեր` ո՞րն է սրա վերջնանպատակը», հարցուցած էր Մամիջանեան: