Կիրակի, 16 Փետրուարի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան Ս. Սարգիս տօնին առիթով պատարագեց, քարոզեց եւ մատաղօրհնէք կատարեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, ապա շնորհաւորեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը եւ բոլոր Սարգիս եւ Մարտիրոս անունները կրողները եւ նախագահեց սիրոյ սեղանին, իր հօտի զաւակներուն հետ կիսելով հաց, նաեւ` ամենայն բարիք, արեւշատութիւն եւ բարօր կեանք մաղթելով շրջանի հայ բնակչութեան բոլոր զաւակներուն:
Արարողութեան ընթացքին, Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան եւ սարկաւագաց ու դպրաց դասերը. երգչախումբը երգեց ղեկավարութեամբ Երուանդ սրկ. Քէշիշեանի: Ս. պատարագին ներկայ եղան Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կայծակ Զէյթլեան եւ տիկինը՝ Ծովիկը, որ, իր կարգին, անդամ է Ազգային վարչութեան: Ներկայ էին նաեւ Ազգային վարչութեան անդամ եւ շրջանի երեսփոխան Սարգիս Թաթիկեան, եկեղեցւոյ հիմնադիր բարերար տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեանները, եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքն ու հաւատացեալ հոծ բազմութիւն մը:
Սրբազան հայրը իր քարոզին բնաբան ընտրած էր յաւիտենական կեանքի առաջնորդող հոգեւոր սնունդը, Քրիստոսի «Ես եմ կեանքի հացը» խօսքին համահունչ: Ի դիմաց ֆիզիքական սնունդի ժամանցելիութեան, Գեղամ արքեպիսկոպոսը շեշտեց Յիսուսի կողմէ աշխարհին հրամցուած հոգիի յաւիտենական անմահութիւնը՝ իր խորհրդածութիւններուն եւ կեանքէն քաղուած օրինակներուն ընդմէջէն վեր առնելով Քրիստոսի միջոցով Աստուծոյ արքայութիւնը ժառանգելու անհրաժեշտութիւնը:
Գեղամ արքեպիսկոպոսի պատգամը նաեւ անդրադարձ էր Ս. Սարգիս զօրավարին եւ անոր ու զաւակին՝ Մարտիրոսի, նահատակութեան, յանուն Քրիստոսի վրայ կառուցուած անոնց հաւատքի անսասանութեան՝ դիտել տալով․ «Ս. Սարգիսը հայ ժողովուրդի բարեպաշտութեան մէջ մեծ տեղ կը գրաւէ. ան ժողովուրդին կողմէ նկատուած է դժուար պայմաններու սուրբը, կոչուած է «արագահաս սուրբ», որուն դիմած են բարեպաշտներ՝ բնական աղէտներու, փոթորիկներու եւ անապահով պայմաններու մէջ գտնուած պահերուն»: Ապա առաջնորդ սրբազանը խրախուսեց ներկաները տէր կանգնիլ Հայ եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութիւններուն, ազգային ու բարեպաշտական հաւատալիքներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ մեր եկեղեցւոյ եւ սուրբերուն ճամբով ճանչնալ ճշմարտութիւնը, ընդունիլ Յիսուսը իբրեւ յաւիտենական կեանքի հացը եւ ազգային իմաստով՝ Հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը մեր կեանքին մէջ արժեւորենք՝ իբրեւ մեր հոգիներուն ճշմարիտ սնունդ մատակարարող երկնային խորհուրդ եւ հոգեւոր տուն:
Արարողութեան աւարտին, առաջնորդը կատարեց մատաղօրհնէք, ապա եկեղեցւոյ սրահին մէջ հանդիսապետեց Հոգաբարձութեան կողմէ կազմակերպուած սիրոյ սեղանին, հաց կիսեց ներկաներուն հետ եւ գօտեպնդեց անոնց նուիրուածութիւնը Հայ եկեղեցւոյ, գնահատեց բարերարները եւ պատասխանատուները, ապա իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց բոլորին: