Հայաստանի խորհրդարանի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան, արձագանգելով Ատրպէյճանի Մեճլիսի փոխնախագահ Զիյաֆեթ Ասքերովի այն պնդումին, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրին երկու չհամաձայնեցուած յօդուածներէն մէկը
«Զանգեզուրի միջանցք»ին, միւսն ալ Հայաստանի Սահմանադրութեան կը վերաբերին՝ ըսաւ, որ խաղաղութեան պայմանագիրի գործընթացին մէջ այդպիսի կէտեր չեն քննարկուիր։
Նշուածը բացարձակապէս չի համապատասխանում իրականութեանը: Ինչպէս հրապարակայնօրէն նշել է վարչապետ Փաշինեանը` 2 դեռեւս չհամաձայեցուած կէտերը վերաբերում են մէկը սահմանին երրորդ ուժերի տեղակայման թեմային, միւսը` միմեանց դէմ միջազգային իրաւական կառոյցներում ներկայացրած բողոքների թեմային: Սա հաստատել է նաեւ պաշտօնական Բաքուն», յայտնեց Ռուբինեան:
Ըստ ատրպէյճանական «Թրենտ»ին` Ասքերով դիտել ըսած էր հետեւեալը. «Ներկայ դրութեամբ խաղաղութեան համաձայնագիրի 17 կէտերէն 15 կէտերը համաձայնեցուած են. չհամաձայնեցուած երկու կէտերէն մէկը կը վերաբերի Զանգեզուրի միջանցքի բացման, երկրորդ կէտը տարածքային պահանջներն են, որոնք ամրագրուած են Հայաստանի Սահմանադրութեամբ»:
Մինչդեռ, տարեվերջին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ըսած էր, թէ Երեւան եւ Պաքու խաղաղութեան պայմանագիրի բովանդակութեան մէջ տակաւին չեն համաձայնեցուցած իրարու նկատմամբ միջազգային հայցերէն ձեռնպահ մնալու եւ սահմանին երրորդ երկիրներու ներկայացուցիչներ չտեղակայելու մասին կէտերը:
Ասքերով նաեւ ըսած էր, որ Պաքու «կ՛ուզէ պայմանագիր կնքել հայկական պետութեան հետ, ոչ թէ վարչապետին»: Ան յիշեցուցած էր, որ Ատրպէյճան բարձրացուցած է նաեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը լուծարելու հարցը` պնդելով, որ «Մինսքի խումբը շահագրգռուած է հակամարտութիւնը երկարաձգելու »:
Նախօրէին, Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան չբացառեց, որ նոր Սահմանադրութեան նախաբանէն հանուի Անկախութեան հռչակագիրին յղումը, որուն մէջ Արցախի եւ Հայաստանի միաւորման մասին յիշատակում կայ: