21 Փետրուարին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունեց Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի Հանրապետութեան դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-Ֆրանսա համագործակցութեան ծրագիրները եւ հետագայի կատարելիքները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը:
Կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին միջազգային եւ տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն շուրջ: