
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Սրտանց կը շնորհաւորենք Լիբանանի նորակազմ կառավարութենէն ներս ձեր նախարար նշանակումը: Աւելիով արժանի էք կարեւոր այդ պաշտօնին եւ յոյսով ենք, որ ձեր պաշտօնավարութեան շրջանին, մարզանքն ու մարմնակրթութիւնը ցանկալի բարձունքներ պիտի յաղթահարեն:
Լիբանանը բոլորիս սիրելի երկրորդ հայրենիքն է ու կը մաղթենք, որ նոր կառավարութեան օրօք, ան պիտի վերագտնէ անցեալի իր փառքը, փայլն ու տնտեսական կայունութիւնը: Եթէ մեր անկիւնէն Լիբանանի նորընտիր, համակրելի նախագահ Ժոզէֆ Աունի շինիչ կոչին արձագանգելու ըլլանք, ուր փափաք կը յայտնէ, որ «արտերկրի լիբանանցիները իրենց տնտեսական յաջողութիւնները նաեւ ի սպաս դնեն իրենց ծննդավայրի տնտեսութիւնը զարգացնելու», ընդունինք՝ շատ տեղին է այդ գաղափարը, սակայն այդ մէկը յաջողեցնելու համար, պէտք է նախ եւ առաջ լիբանանցի պաշտօնէութեան մօտ խոր արմատներ նետած փտախտը վերացնել եւ մաքրագործել մթնոլորտը…
Կը ներէք որ համաձայն չգտնուինք ոմանց այն առարկութեան հետ, թէ Իսրայէլի դէմ «Հըզպալլա»ի տարած գոյութենական կատաղի պայքարն է գլխաւոր ու միակ պատճառը Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական ու տնտեսական անկայունութեան: Այդ կուսակցութեան ռազմական գործողութիւններու կողքին, դժբախտաբար, տասնամեակներէ ի վեր գոյութիւն ունի աւելի խոր պատճառ մը՝ որ գեղեցիկ այդ երկրին բարձրագոյն պաշտօնէութեան եւ կարգ կանոնն ու օրէնքը պահպանելու կոչուած ոստիկանական ուժերու մօտ տիրող փտախտն ու կաշառակերութիւնն է, բան մը որ կ՛անդամալուծէ դրախտանման այդ երկրին բնականոն ընթացքը ու յուսահատութեան կը մատնէ տոկուն բարոյականութեամբ զրահուած հասարակ քաղաքացին ու արտասահման բնակող լիբանանցի հաւանական ներդրողը: Որքան որ դրսեցիներուս յայտնի է, «Հըզպալլա» կուսակցութիւնը փտախտէ չէ վարակուած ու ցարդ ոչ մէկ լիբանանցիէ կաշառք չէ վերցուցած: Անոր պայքարը, տարածաշրջանէն ներս հրեայ պետութեան ոտնձգութիւններու եւ տիրելատենչութեան դէմ կը մղուի: Եկէ՛ք պահ մը անձնական փորձառութեան վրայ յենած, օրինակներով բացայայտենք տիրող փտախտին խորքն ու ընդգրկած անսահման տարածութիւնը:
Երիտասարդ տարիքնէս, եղբօրս հետ իրարու ետեւէն Ափրիկէ ուղղուեցանք ու հոն տարիներու չարքաշ աշխատանքով մեր շահած գումարը բերինք Լիբանան «Ինթրա Պանք»ը պահ դրինք: Քիչ ետք մեր ունեցած գումարը ամբողջութեամբ կորսնցուցինք, երբ այդ դրամատունը սնանկութիւն կը յայտարարէր… Քանի մը տարի վերջ շատ աւելի մեծ գումար մը ներդրեցինք, Տըքուէնի թաղամասը, DMV-ի դիմաց կալուած մը գնելով: Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը վրայ հասաւ ու կռուող քրիստոնեայ ուժերը գրաւեցին մեր շէնքը եւ իրենց կեդրոնը դարձուցին:Այդ օրերուն Լիբանան գտնուող եղբօրս սպառնալով, ստիպեցին որ թաղին բնակչութեան պէտքերուն հասնելու համար, հսկայ կալուածին կառատան բաժինը Supermarket-ի վերածէ, խոստանալով անմիջապէս մաքրել գործուած «մուխալաֆէ»ն կամ անօրինականութիւնը: Խոստումը՝ խոստում մնաց մինչեւ օրս ու ներկայիս վստահ ենք հսկայ գումարներու պիտի նայի այդ մէկը իրագործելը: Մեր դիմագրաւած երրորդ գլխացաւանքն ու փորձանքը՝ տասնամեակներ առաջ, նորապսակ երկուորեակ եղբայրս ու հարսը աղջիկ զաւակով մը բախտաւորուեցան: Լոս Անճելըսի լիբանանեան դեսպանատունը անհասկանալի, չըսելու համար՝ ապուշ սխալը կը գործէր ու եղբօրս նորածինը իմ անունիս տակ կ՛արձանագրէր… Փոխանակ մեղայի գալու ու սրբագրելու իրենց գործած ահաւոր սխալը՛ տասնամեակներէ ի վեր կը քաշքշեն հարցը, ընթացքին հազարներ կը կորզեն զոհերէն: Չորրորդ ձախաւեր քայլը՝ լիբանանցի ամենագէտ պաշտօնէութեան․ վերջերս կեանքը ձեզի, երկուորեակ եղբայրս մահացաւ: Օրէնքով պէտք էր, որ իր երկու զաւակները դառնան Լիբանանի կալուածին իրենց բաժնի ժառանգորդները: Պետական պաշտօնեաները մօրս ստորագրութիւնը պահանջեցին: Մայրս երեսուն տարի առաջ մահացած էր արդէն: Մեր ներկայացուցած փաստերը ոչինչի տեղ դնելով, նորին վսեմութեան Լիբանանցի անպատկառ պաշտօնեաները գուցէ կը սպասեն, որ Հոգին Սուրբը իջնէ անոր գերեզմանին, որպէսզի Եղեռնէն հինգ տարիներ առաջ ծնած մայրս համբառնալով ստորագրէ թոռներուն հասնելիք ժառանգութեան վաւերաթուղթը: Ճիշդ մէկ ու կէս տարի առաւ ու ահագին գումարի եւ տաղտուկի նայեցաւ մեզի պարտադրուած պաշտօնական յիմար ու անտեղի այդ գործընթացը: Դժբախտաբար, լիբանանցի հասարակութեան մօտ այն սխալ կարծիքը կը տիրէ, թէ Ամերիկա հաստատուածներս, նիւթական առատութեան մէջ կը լողանք…
Արտասահմանի մէջ մարդ չի հաւատար մեր կրած նիւթական դժուարութեան, յատկապէս թոշակառու դառնալէ ետք: Վկայ՝ անտիպ մնացած հատորներս… Մեր մօտ, երկու սենեակով յարկաբաժինին վարձքը աւելի թանկ է քան Լիբանան ամբողջ շէնքի մը բերած եկամուտը, այն ալ եթէ վարձուորները հաճին ժամանակին վճարել վարձքերը… «Զորն ասեմ ու զորն խոստովանիմ»…
Արդար չէ Լիբանանեան բոլոր տագնապները կուսակցութեան մը, այս պարագային՝ «Հըզպալլա»ի ուսերուն բեռցնելը ու անոր վերագրելը… Ընդունինք թէ չէ, համատարած ՓՏԱԽՏԸ կը կրծէ, կը կործանէ մեր սիրելի երկրորդ հայրենիքին հիմերը: Տեսնենք, նոր իշխանութիւնները պիտի յաջողի՜ն վերացնել ու բուժել տիրող «գանկրէն»ը… թէ ձեռքերը լուալով պիտի շարունակեն նախկիններու գործընթացը:
Ձեզի սրտանց սփիւռքահայերուս ջերմ մաղթանքները կը յայտնենք, սիրելի Նորա… Նաեւ յաջողութեան մաղթանքներ նոր կառավարութեան ու համակրելի մեր նախագահին՝ Ժոզէֆ Աունին…
Ռիչմընտ, Վիրճինիա
2/17/2025