Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ ամերիկահայ համայնքի երկարամեայ գործիչ Ճորճ Աղճայեան ստանձնեց կազմակերպութեան ատենապետի պաշտօնը՝ փոխարինելով Ռաֆֆի Համբարեանը։ Ան պիտի շարունակէ յառաջ մղել հայութեան իրաւունքները պաշտպանելու ջանքերը։
«Ինծի համար մեծ պատիւ է ստանձնել այս դերը հայ ժողովուրդին համար յոյժ կարեւոր ժամանակաշրջանի մը ընթացքին: Մեր աշխատանքը կը շարունակէ կենսական մնալ, որովհետեւ մենք պայքար կը մղենք յանուն արցախահայութեան իրաւունքներուն եւ ապահովելու, որ Ատրպէյճան իր ոճիրներուն համար պատասխանատուութեան կ՛ենթարկուի։ Կը պայքարինք նաեւ ապահովելու համար Հայաստանի երկարաժամկէտ ապահովութիւնը եւ կենսունակութիւնը։ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը միշտ եղած է ամերիկահայութեան ամէնէն արդիւնաւէտ ձայնը Ամերիկայի թէ՛ արտաքին եւ թէ ներքին քաղաքական կեանքին մէջ, եւ ես անհամբեր եմ աշխատելու մեր տեղական մասնաճիւղերուն, համայնքային գործիչներուն եւ նուիրեալ ղեկավարներուն հետ՝ ընդարձակելու համար մեր ազդեցութիւնը եւ յառաջ մղելու մեր գործը», ըսաւ Աղճայեան:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախորդ ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեանի ղեկավարութեամբ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը աւելի ազդու ներկայութիւն դարձած էր թէ՛ օրէնսդիրին եւ թէ գործադիր իշխանութիւններուն մօտ՝ ստեղծելով համագործակցութեան բազմաթիւ հարթակներ նաեւ ոչ-հայկական համայնքային կազմակերպութիւններու հետ:
Համբարեանի բազմաթիւ յաջողութիւններու շարքին է Հայ Դատի երիտասարդական ծրագիրներու աննախընթաց ընդարձակումը թէ՛ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ եւ թէ երկրին տարածքին. երիտասարդներու քաղաքական աշխուժացումը զանազան ոլորտներու մէջ անոնց ներգրաւուածութեան ընդարձակումը եւ համայնքային ղեկավար դիրքեր ստանձնող երիտասարդ սերունդին դաստիարակութիւնը Համբարեանի առաջնահերթութիւններէն էին։
Ողջունելով Աղճայեանի՝ այս պատասխանատուութիւնը ստանձնելը՝ Համբարեան յայտնեց. «Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետի պաշտօնը ստանձնելը կեանքիս մեծագոյն պատիւներէն մէկն է։ Մեր աշխատանքը միայն քաղաքական չէ, անիկա նաեւ հայ ժողովուրդի գոյատեւումը եւ արժանապատուութիւնը ապահովելու աշխատանք է: Ճորճը իր ամբողջ կեանքին ընթացքին Հայ Դատի ջատագովը եղած է եւ վստահ եմ, որ մեր գործին նուիրուելով՝ան կազմակերպութիւնը պիտի առաջնորդէ եռանդով եւ հաստատակամութեամբ»: