ՊՈԼԻՍ, «Ակօս»․- Հրանդի Տինքի սպանութեան գծով 7 Փետրուարին տեղի ունեցած դատական նիստը աւարտեցաւ 9 պետական պաշտօնեաներու ցկեանս բանտարկութեան վճիռով։ Զանազան պաշտօններ վարած բարձրաստիճան ոստիկաններ, զինուորականներ եւ լրաքաղութեան բաժինի գործիչներ նախապէս դատուած եւ կարգ մը պատիժներու ենթարկուած էին։ Վճռաբեկ ատեանը առարկած էր այդ պատիժներէն ոմանց դէմ եւ դատավարութիւնը վերսկսած էր։
7 Փետրուարի նիստին ընթացքին, մեղադրեալները մերժեցին իրենց վերագրուած յանցանքները եւ պահանջեցին, որ անպարտ հռչակուին։ Սակայն, դատական նիստի աւարտին, դատակազմը հաստատեց նախապէս տրուած ցկեանս բանտարկութեան վճիռները։
Տինք ընտանիքի իրաւապաշտպան Հիւլիա Տեվեճի այս կապակցութեամբ տեղեկութիւններ հաղորդելով «Ակօս»ին՝ յայտնեց, թէ ինք կ՛ափսոսայ, որ հակառակ այս դատավճիռին՝ Հրանդ Տինքի ոճիրը կը շարունակէ մնալ խաւարի մէջ։ «Ամբաստանագիրը կ՛ըսէ, թէ ոճիրը գործուած է կազմակերպուած ձեւով։ Բայց ցարդ յայտնի չէ դարձած, թէ որո՞նք եւ ինչպէ՞ս կազմակերպած եւ գործած են այս ոճիրը», ըսաւ Տինքի ընտանիքի իրաւապաշտպանը։