
15 Փետրուարին, Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան Քարտիֆի (Wales-ի՝ Կալլեսի մայրաքաղաք) մէջ մասնակցեցաւ բացման արարողութեան յուշատախտակի մը, որ կը պատուէ անոնք, որոնք նշանակալից դեր ունեցած են Կալլեսի կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պատմական արդարութեան պաշտպանութեան համար գործունէութեան մէջ:
Հայկական համայնքային խորհուրդին կազմակերպած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Քարտիֆի Խաղաղութեան տաճարին մէջ, ուր կը գտնուի Մեծն Բրիտանիոյ հանրային տարածքին վրայ զետեղուած առաջին Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը:


Իր ելոյթին ընթացքին Ներսէսեան ընդգծեց պատմական յիշողութեան պահպանման եւ ցեղասպանութեան ու մարդկութեան դէմ ոճիրներու արգիլման ջանքերու ամրապնդման կարեւորութիւնը: Ան անդրադարձաւ Հայաստանի շարունակական յանձնառութեան՝ միջազգային գործընկերներու հետ աշխատելու ցեղասպանութեան կանխումի ենթակառոյցները հզօրացնելու, մարդկութեան դէմ ոճիրներու մասին դաստիարակութիւնը խթանելու, արդարութիւնը եւ հաշուետուութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ:
Ներսէսեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի եւ Կալլեսի միջեւ կապին՝ նշելով, թէ այս միութիւնը կը խորհրդանշուի Քարտիֆի մէջ գտնուող խաչքարով, որ պատրաստուած է վարդագոյն աւազաքարէ, որ կը նմանի հայկական տուֆին, իսկ միւս բաղադրիչը՝ կալլեսեան թերթաքարն է:
Ներսէսեան շեշտեց Հայաստանի հետ բարեկամութեան՝ բազմակուսակցական խորհրդարանական խումբին դերը, որուն նախագահն է երեսփոխան Ճեսիքա Մորտըն, որ կը հետապնդէ Հայաստանի եւ Մեծն Բրիտանիոյ միջեւ սերտ յարաբերութիւններու զարգացման նպատակ:
Ձեռնարկին ներկայ էին Քարտիֆի քաղաքապետուհի Հելըն Լոյտ Ճոնզ, երեսփոխաններ Ճեսիքա Մորտըն եւ Ճենի Ռեթպոն, ինչպէս նաեւ Կալլեսի հայ համայնքի անդամներ: