Ճշմարտութեան եւ արդարադատութեան կեդրոնը հրապարակած է նոր զեկոյց մը՝ «Ատրպէյճանի մէջ քրիստոնեայ հայերու հետապնդումները՝ Վիգէն Իւլճեքեանի գործը» վերնագիրով: Այս զեկոյցը կը ներկայացնէ քրիստոնեայ հայերու նկատմամբ Ատրպէյճանի մէջ իրականացուող հետապնդումները՝ շեշտը դնելով Վիգէն Իւլճեքեանի գործին վրայ:
«Վիգէն Իւլճեքեան 44ամեայ քրիստոնեայ հայ մըն է եւ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած անձերու ժառանգներէն է. ան Լիբանանի եւ Հայաստանի քաղաքացի է: 2020ին ան տեղափոխուած է Արցախ՝ գործարարութիւն մը հիմնելու եւ ընտանիքին հետ այնտեղ նոր կեանք կառուցելու համար: Վիգէնը հաւատացեալ քրիստոնեայ է եւ իր ձեռքին ունի խաչի դաջուածք մը, զոր այրած եւ ջնջած են ատրպէյճանցիները: Վիգէնի ներկայի գտնուած վայրը եւ բանտարկութեան մանրամասնութիւնները. 10 Նոյեմբեր 2020ին՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ 2020ի զինադադարի համաձայնագիրին յաջորդ օրը, Վիգէնը գերի տարուեցաւ Ատրպէյճանի յատուկ ջոկատայիններուն կողմէ, երբ ան կը հաւաքէր իր անձնական իրերը՝ Շուշիէն դուրս գալու համար: Ան հայ քաղաքացի է, զոր առեւանգեցին եւ անօրինաբար տեղափոխեցին Պաքուի բանտը, ուր ան մնաց գրեթէ եօթը ամիս: Յունիս 14 2021ին, Վիգէնը անօրինաբար դատուեցաւ Պաքուի զինուորական դատարանին կողմէ, մեղաւոր ճանչցուեցաւ եւ կեղծ դատավարութեամբ դատապարտուեցաւ 20 տարիներու բանտարկութեան: Անոր թոյլ չտուին որեւէ անկախ իրաւական աջակցութիւն կամ պաշտպանութիւն: Վիգէնի դէմ անօրինական մեղադրանք առաջադրուած է, եւ ան դատուած է շինծու մեղադրանքներով՝ իբր թէ իբրեւ վարձկան ռազմական հակամարտութեան եւ ահաբեկչութեան մասնակցելու եւ պետական սահմանը բռնութեամբ կամ բռնութեան սպառնալիքով հատելու մէջ: Վիգէնին թոյլ չեն տուած կապ հաստատել ընտանիքին կամ իր խորհրդականին հետ: Այսօր, Վիգէնը 20 տարիներու բանտարկութեան անօրէն պատիժ կը կրէ Ատրպէյճանի մէջ: Վիգէնին դէմ առաջադրուած մեղադրանքները քաղաքական եւ ցեղապաշտական դրդապատճառներով են՝ դատավարութեան ընթացքին ներկայացուած առանց որեւէ էական ապացոյցի: Ան կը շարունակէ բանտարկուած մնալ Պաքուի մէջ, ենթադրաբար Կոպուսթան բանտին մէջ, որ յայտնի է իր անմարդկային պայմաններով եւ բանտարկեալներուն մէջ անձնասպանութիւններու բարձր մակարդակով«, կ՛ըսուի վերոնշեալ զեկոյցին մէջ: