
Ինչպէս օրին հաղորդած էինք, Քալիֆորնիոյ Հայկական օրէնսդրական համախմբումը նամակ մը յղած էր Նահանգային պատմական հարստութիւններու յանձնաժողովին՝ խնդրելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած Մոնթեպելլոյի յուշարձանը ներառուի Քալիֆորնիոյ նահանգային կոթողներու ցանկին վրայ։
Նամակին մէջ կը շեշտուի, որ հայկական եկեղեցւոյ գմբեթը յիշեցնող եւ արդիական ոճով կառուցուած յուշարձանը 1968էն ի վեր դարձած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը ոգեկոչելու վայր մը՝ աւելցնելով, որ անիկա հանրային տարածքի մը վրայ կառուցուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին յուշարձանը կը հանդիսանայ։
Քալիֆորնիոյ Հայկական օրէնսդրական համախմբումէն ծերակուտական Պապ Արչուլեթա կը տեղեկացնէ, թէ յանձնաժողովը ընդունեց դիմումը եւ յուշարձանը պաշտօնապէս Քալիֆորնիոյ նահանգային կոթողներու ցանկին վրայ պիտի ներառուի Ուրբաթ, 21 Փետրուարին:
Արարողութեան ներկայ պիտի ըլլան Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ Սալվատոր Մելենտեզ, առաջնորդներ Գեղամ արք. Խաչերեան եւ Յովնան արք. Տէրտէրեան, ինչպէս նաեւ Բարսեղ եպս. Պաղտասարեան եւ ICPB-ի ատենապետ Արմանտ Պաղտոյեան։ Ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Մեսրոպեան ազգային վարժարանէն Նիք եւ Տիլըն Խաչիկեանները, որոնք վերջերս, նահանգային մակարդակի վրայ, պասքեթպոլի նոր մրցանիշներ հաստատեցին։