Ուրբաթ, 7 Փետրուարի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ընդունեց այցելութիւնը Հայց. Առաքելական Եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան ներկայացուցիչներուն, գլխաւորութեամբ ատենապետ Աւօ Կաբակչուզեանի:
Կաբակչուզեան նախ դիտել տուաւ, որ թէեւ ծրագրած էին Յունուար ամսուան առաջին շաբաթներուն, տօնական օրերուն առիթով, աւանդութիւն դարձած իրենց շնորհաւորական այցելութիւնը տալ առաջնորդին, սակայն Փասատինայի հրդեհները պատճառ դարձան, որ ուշացումով Ազգային առաջնորդարան ներկայանան:
Հանդիպումին ընթացքին, սրբազան հայրը իր վշտակցութիւնը յայտնեց Փասատինայի շրջանի հրդեհներուն պատճառած անձերու կորուստներու եւ նիւթական աւերներուն առիթով, ապա ազգային ու հոգեւոր աւանդներու վերակենսաւորման անհրաժեշտութեան լոյսին տակ, ան աւանդապահ եղբայրակցութեան փոխանցեց իր գնահատանքը եւ հայրական ողջոյնները՝ ապահով, անվնաս եւ արդիւնաւէտ տարի մը մաղթելով ամբողջ շրջանի հայութեան:
Մեծ Պահքին ընդառաջ, առաջնորդը նաեւ իրազեկ դարձաւ եղբայրակցութեան հոգեւոր եւ մարդասիրական գործունէութեան, կատարուելիք աշխատանքներուն ու հետագայ ծրագիրներուն մասին եւ տուաւ համապատասխան ցուցմունքներ:
Այնուհետեւ, հիւրերը փափաք յայտնեցին, որ Պահքի սուրբ օրերուն առաջնորդը իր օրhնաբեր այցելութիւնը շնորհէ նաեւ եղբայրասիրաց աղօթարանին եւ իրենց աղօթակից դառնայ: