Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհաւորեց նախկին քոնկրեսական Թուլսի Կապարտը՝ Միացեալ Նահանգներու ազգային հետախուզութեան ղեկավարի պաշտօնին նշանակուելուն առիթով, նոյն ատեն անոր կոչ ընելով՝ համապարփակ հետաքննութիւն մը կատարելու Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի հայութեան ցեղային զտման գործողութեան մէջ Ամերիկայի մեղսակցութեան գծով։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան բացատրեց, թէ Ուաշինկթըն ոչ միայն չէր կրցած զսպել ցեղասպանական արշաւը, այլ նոյնիսկ Պաքուն քաջալերած էր՝ անոր ռազմական օժանդակութիւններ տրամադրելով։
Նշենք, որ Կապարտ զանազան առիթներով նեցուկ կանգնած է հայութեան եւ հովանաւորած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու բանաձեւը, իսկ 2017ին այցելած է Արցախ, ականատես դառնալով Ատրպէյճանի բռնարարքներուն։ 2020ին ան դատապարտեց Թուրքիոյ դերը Արցախի դէմ պատերազմ հրահրելու գործին մէջ՝ յայտարարելով. «Թուրքիա «Քաիտա»ի հետ կապ ունեցող անձեր կ՛ուղարկէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութիւնը ոչնչացնելու համար»։
Հայ Դատը կը շարունակէ կոչ ընել Թրամփի վարչակազմին՝ արգիլելու ամերիկեան ռազմական օգնութիւնը Ատրպէյճանին, ինչպէս նաեւ պատժել ռազմական ոճիրներով ամբաստանուած ատրպէյճանցի պաշտօնատարները: Հայ Դատը նաեւ Ուաշինկթընէն կը պահանջէ ճնշում բանեցնել Պաքուի վրայ, որպէսզի անյապաղ ազատ արձակուին հայ ռազմագերիները եւ բացառութիւն սահմանուի արտաքին օգնութիւններու սառեցման հարցով՝ որպէսզի Արցախի ցեղասպանութիւնը վերապրած անձերը կարենան համապատասխան օգնութիւնը ստանալ: