Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 12 Փետրուարին յայտարարեց, որ Յունիս 2019ին՝ իր պաշտօնավարման երկրորդ տարուան ընթացքին, ԵԱՀԿի Մինսքի խումբին կողմէ ներկայացուած Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման փաստաթուղթ մը գտնուած է սեղանին, թէեւ Դեկտեմբեր 2019ին ան հակառակը կը պնդէր:
«Բանակցութիւնների սեղանին միշտ թուղթ է եղել, այդպիսի մի օր չի եղել, որ բանակցութիւնների սեղանն առանց թղթի լինի, միշտ ինչ-որ թուղթ դրած է եղել», յայտնեց ան:
Պատասխանելով ընդդիմադիր պատգամաւոր Ագնեսա Խամոյեանի հարցումին, թէ՝ ուրեմն ի՞նչ եղած է այդ փաստաթուղթին ճակատագիրը, արդեօք Փաշինեան մերժա՞ծ է զայն. Փաշինեան յստակ պատասխան չտուաւ: «Դուք խաբել էք ՀՀ քաղաքացիներին՝ յայտարարելով, որ բանակցութիւնների սեղանին որեւէ փաստաթուղթ գոյութիւն չունի», յայտնեց Խամոյեան:
«Այն, ինչ որ 19 թուի Յունիսին դրուել է սեղանին, ես 19 թուի Յունիսին դեռ որեւէ մէկի հետ որեւէ բան բանակցած չեմ եղել, ես չեմ խօսել ընդհանրապէս այդ թեմայի մասին ոչ մէկի հետ: Այն, ինչ որ դրուած է եղել սեղանին, ինձնից առաջ տեղի ունեցած բանակցութիւնների արդիւնքն է, ամփոփումն է: Այդ թղթի վերեւն էլ գրուած է՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ադրբեջանի Հանրապետութեան նախագահները…»: Ես ՀՀ նախագահ երբեք չեմ եղել», արձագանգեց Փաշինեան:
Խամոյեան շարունակեց՝ ըսելով. «Բանակցութիւնների սեղանին կը լինի հին, թէ նոր, թուղթ է եղել, որը դուք թաքցրել էք Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներից»:
«19 թուի առաջարկի մասին ես ասել եմ, որ նոր առաջարկ չկայ, ու ճիշդ եմ ասել. բանակցութիւնների սեղանին միշտ թուղթ է եղել: 19 թուի թուղթը սկսւում է հետեւեալ նախադասութեամբ՝ «ՀՀ նախագահը եւ ԱՀ նախագահը»: Հիմա դուք ասում էք, որ դա ի՞մ թուղթն է», ըսաւ Փաշինեան:
13 Փետրուարի խորհրդարանական ճեպազրոյցներուն ընթացքին այս գծով փակագիծերը բացաւ Եւրոպական համարկման յանձնաժողովի նախագահ Արման Եղոյեան, բայց ան չանդրադարձաւ այն հարցին, թէ արդեօք Փաշինեան մերժա՞ծ է զայն, եւ եթէ այո, ինչո՞ւ:
«Նոյն «Լաւրովի պլանն (ծրագիր)» էր: «Լաւրովի պլանը» հետեւեալն է՝ հարցն ունենում է փուլային լուծում, առաջին փուլում զիջւում են 5 շրջանները, միւս հարցերի վերաբերեալ կարգաւորումները, ներառեալ՝ կարգավիճակի հարցը, թողնւում է անորոշ ապագային», յայտնեց ան:
Յայտնենք, որ 2021ին, ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով խօսեցաւ այս փաստաթուղթին մասին: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ ան նշեց, որ համանախագահները Յունիս 2019ին կողմերը փոխանցած են կարգաւորման տարբերակի վերջին խմբագրումները:
Ըստ Փոփովի՝ այս փաստաթուղթով առաջին փուլին պէտք է Ատրպէյճանին վերադարձուէին 5 շրջանները, երկրորդ փուլին՝ միւս 2 շրջանները, նկատի ունենալով Քարվաճառը եւ Լաչինը, բայց որոնց վերադարձը պէտք է կապուած ըլլար Արցախի կարգավիճակի որոշումին հետ:
Առաջին փուլին, ըստ Փոփովի, նաեւ կը ճանչցուի Լեռնային Ղարաբաղի կողմէ իր բնակչութեան ամբողջական կենսագործունէութիւնը ապահովելու իրաւունքը: Արցախի ներկայացուցիչները նաեւ հնարաւորութիւն կը ստանային մասնակցելու ԵԱՀԿի նիստերուն: Շրջափակումը կը վերացուի, սահմանները կը բացուին, իսկ կողմերը կ՛ընդունին պարտաւորութիւն՝ ուժ չգործածելու:
Գալով վերջնական կարգավիճակին, ըստ Փոփովի, փաստաթուղթը կը նախատեսէ ՄԱԿի կամ ԵԱՀԿի հովանիին տակ տեղի ունենալիք համաժողովրդական քուէարկութեամբ Արցախի բնակչութեան ազատ կամարտայայտութիւնը: Ժամկէտները պէտք է համաձայնեցուէին կողմերուն միջեւ, իսկ քուէարկութեան դրուելիք հարցը կամ հարցերը պէտք չէ սահմանափակուէին: Քուէարկութեան որեւէ արդիւնք կողմերը պէտք է յարգէին:
Թէ՛ հայկական եւ թէ ատրպէյճանական կողմը, ըստ Փոփովի, չեն մերժած այս առաջարկները, թէեւ կարելի չէ եղած վերջնական համաձայնութեան հասնիլ:
«Երբ ես դարձել եմ վարչապետ, առաջարկ է եղել, որ ես նոյն կէտից շարունակեմ բանակցային պրոցեսը (գործընթացը), ինչ կէտում ընդհատուել է Սերժ Սարգսեանի հեռանալը», ըսած էր Փաշինեան:
Ի դէպ, Յունիս 2019էն կէս տարի ետք՝ Յունուար 2020ին, Փաշինեան Կապանի մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, թէ Սերժ Սարգսեանէն ստացած բանակցային ժառանագութիւնը եթէ Արցախի եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն համար ընդունելի է, ինք կ՛երաշխաւորէ, որ անիկա յայտնուի բանակցային սեղանին:
Հակառակ ընդդմիութեան պարբերական կոչերուն՝ հրապարակելու Յունիս 2019ին բանակցային սեղանին դրուած, ինչպէս նաեւ հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերող միւս բոլոր պաշտօնական առաջարկները, Փաշինեան կը շարունակէ պնդել, թէ անոնք ցաքուցրիւ են եւ դեռ պէտք է ի մի բերուին»: