
8 Փետրուարին կազմուած Լիբանանի նոր կառավարութիւնը Երեքշաբթի օր գումարեց իր առաջին նիստը։
Նշենք, որ Շաբաթ օր, Պաապտայի պալատին մէջ գումարուեցաւ նախագահ Ժոզէֆ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի միջեւ ժողով մը, որուն աւարտին նախագահ Աուն ստորագրեց Նեժիպ Միքաթիի կառավարութեան հրաժարականի եւ վարչապետ Սալամի նշանակման ու 24 նախարարներէ բաղկացած կառավարութեան կազմութեան հրամանագիրներըը:
Լիբանանի նոր կառավարութեան փոխվարչապետը Թարեք Մըթրին է, իսկ նախարարները` Միշէլ Մնասսա` պաշտպանութեան, Ահմատ Հաժժար` ներքին գործոց, Եուսէֆ Ռաժժի` արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու, Եասին Ժապեր` ելեւմուտքի, Ղասսան Սալամէ` մշակոյթի, Լորա Խազեն Լահուտ` զբօսաշրջութեան, Քամալ Շահատէ` գաղթականներու, արհեստագիտութեան եւ արհեստական բանականութեան, Նորա Պայրագտարեան` երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան, Ռիմա Քարամէ` կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման, Ատել Նասսար` արդարութեան, Ռաքան Նասրըտտին` առողջապահութեան, Մուհամմատ Հայտար` աշխատանքի, Ճօ Ստի` ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու, Ամեր Պսաթ` տնտեսութեան եւ առեւտուրի, Շարլ Հաժ` հաղորդակցութեան միջոցներու, Ճօ Իսա Խուրի` ճարտարարուեստի, Ֆայեզ Ռասամնի` հանրօգուտ շինութիւններու եւ փոխադրամիջոցներու, Նիզար Հանի` երկրագործութեան, Ֆատի Մաքքի` վարչական բարեկարգումի, Թամարա Զէյն` կենսոլորտի, Հանին Սէյիտ` ընկերային հարցերու եւ Փօլ Մըրքոս` տեղեկատուութեան:
«Կը մաղթեմ, որ այս բարեկարգումի եւ փրկութեան կառավարութիւն մը ըլլայ, եւ կը շեշտեմ, որ բարեկարգումը փրկութեան միակ ուղին է: Այս կառավարութիւնը պիտի ջանայ քաղաքացիներուն եւ պետութեան միջեւ վստահութիւնը վերականգնել ու կամրջել այն բացը, որ ստեղծուած է պետութեան եւ երիտասարդութեան ձգտումներուն միջեւ ու պէտք է աշխատի Թայէֆի համաձայնագիրի գործադրութիւնը ամբողջացնելու, ելեւմուտքի եւ տնտեսական բարեկարգումներ կատարէ ու անկախ արդարադատական իշխանութիւն մը ստեղծէ», Պաապտայի պալատէն յայտարարեց Սալամ:
Նախագահ Աուն նշեց, որ կառավարութեան անդամները ոչ-կուսակցականներ են եւ հաստատօրէն բոլոր լիբանանցիներուն պիտի ծառայեն, որովհետեւ անոնց նպատակը Լիբանանի շահն է եւ շեշտեց, թէ կառավարութեան կազմութիւնը հիմնուեցաւ կարողութեան, փորձառութեան, մասնագիտութեան, կենսագրականի եւ լաւ վարկի հիման վրայ: