«Նաղաշ»ի համոյթը կը տեղեկացնէ, թէ յառաջիկայ Մարտին ութը ելոյթներ պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու տարածքին եւ Գանատայի մէջ։
Երեւան հաստատուած «Նաղաշ»ը ներդաշնակօրէն կը համատեղէ հայկական ժողովրդական երգերու ոգեղէն բնոյթը, նոր դասական եւ արդի երաժշտութեան տարբեր ոճերը: Համոյթը բաղկացած է երեք փայլուն երգչուհիներէ եւ հայ տաղանդաւոր երաժիշտներէ, որոնք կը նուագեն դուդուկ, ուտ եւ դհոլ:
Համոյթին երգերու երաժշտութեան հեղինակը ամերիկահայ յօրինող Ճան Հօտեանն է, որ նաեւ համոյթը կը ղեկավարէ դաշնամուրի նուագակցութեամբ: Երաժշտութիւնը հիմնուած է միջնադարեան հայ հոգեւորական Մկրտիչ Նաղաշի եւ Կոստանդին Երզնկացիի բանաստեղծութիւններուն վրայ:

Համոյթին գաղափարը ծնունդ առաւ այն պահուն, երբ Հօտեան Գառնիի տաճարին մէջ լսեց Յասմիկ Բաղդասարեանի ձայնը:
Համոյթին ներկայացումներէն առաջինը տեղի պիտի ունենայ Եութայի Պրիկըմ Եանկի անուան համալսարանին մէջ, 14 Մարտին, որմէ ետք խումբը պիտի մեկնի Արեւելեան ափ (Պոսթըն՝ 15 Մարտին, Ֆիլատելֆիա՝ 16 Մարտին, Նիւ Եորք՝ 19 Մարտին եւ Մերիլենտ՝ 21 Մարտին) իսկ Քալիֆորնիոյ ելոյթները տեղի պիտի ունենան Սան Ֆրանսիսքոյի SF Jazz սրահին մէջ, 25 Մարտին եւ Սոնոմա քաղաքի Green Music Center-ին մէջ, 27 Մարտին, որմէ երկու օրեր ետք խումբը ելոյթ պիտի ունենայ Գանատայի Թորոնթօ քաղաքին մէջ։
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար այցելել naghashensemble.com կայքէջը։