
Սիւնիքի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը Արցախի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար զօրավար Ջալալ Յարութիւնեանը դատապարտեց 5 տարի եւ 6 ամիս բանտարկութեան։
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ դատարանը զայն մեղաւոր նկատեց զինուորական ծառայութեան նկատմամբ անոր անփոյթ վերաբերմունքին համար:
Դատախազութիւնը պահանջած էր 6 տարուան բանտարկութիւն, սակայն դատարանը մեղմացուց պատիժը եւ ճշդեց 5 տարի 6 ամիս բանտարկութիւն:
Յարութիւնեան կը մեղադրուի 12 Հոկտեմբեր 2020ին, ծառայողական իր պարտականութիւնները ոչ-պատշաճ կատարելու մէջ, ինչ որ, ըստ մեղադրանքին, պատճառ եղած է ծանր հետեւանքներու:
Ըստ քրէական գործին` Ատրպէյճանի զինուած ուժերը յարձակած են «Ցորի» զօրամասի Դ20 ջոկատին վրայ, սակայն ջոկատի հրամանատարութեան կողմէ տրուած ահազանգին իբրեւ պատասխան` Յարութիւնեան, ըստ գործի նիւթերուն, յայտնած է, թէ մօտեցողները «իւրայիններ» են:
Յարութիւնեան չ՛ընդունիր իրեն դէմ առաջադրուած մեղադրանքը:
Յարութիւնեանի նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց կիրարկուած է բացակայելու արգելքը: Դատավճիռը կրնայ բողոքարկուիլ օրէնքով սահմանուած կարգով: