Պաքու կը սպառնայ Ռուսիոյ դէմ դատ բանալ միջազգային դատարանին մէջ` նախորդ Դեկտեմբերին, Ղազախստանի մէջ, 38 անձերու մահուան պատճառ դարձած ատրպէյճանական օդանաւի արկածին հարցով:
Ատրպէյճանցի պաշտօնատարներ եւ լրատուամիջոցներ կը պնդեն, թէ Պաքու դժգոհ է, որ Ռուսիոյ իշխանութիւնը մինչեւ այսօր չէ ընդունած իր մեղսակցութիւնը եւ չէ կատարած նախագահ Ալիեւի պահանջները` չէ պատժած մեղաւորները եւ չէ փոխհատուցած վնասները:
«Ատրպէյճանի տրամադրութեան տակ կան բեկորները «Փանցիր-Ս» տեսակի հրթիռի մը, որմով ռուսերը հարուածած են օդանաւը», 5 Փետրուարին գրած է «Ռոյթըրզ»ը՝ յղում կատարելով Ատրպէյճանի կառավարական աղբիւրներու։
Ատրպէյճանի խորհրդարանի պատգամաւոր Ռասիմ Մուսապեկով «Ազատութեան» ըսաւ, որ իրենք նոյնիսկ գիտեն, թէ ո՛վ կրակած է, ո՛վ կրակելու հրաման տուած է, նոյնիսկ ո՛վ սեղմած է ձգանը: «Կ՛ուզեն անոնք ըսեն, որ՝ այո՛, պատահարը տեղի ունեցաւ ճշգրիտ անձերու մեղքով, որոնք պարտաւոր էին ժամանակին նախազգուշացնել, որ Կրոզնիի օդակայանը փակ է քաղաքացիական օդանաւերու համար` ուղղորդելով անձնակազմը վայրէջքի փորձ կատարելու փոխարէն վերադառնալ»:
Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ կը պատրաստուի ապացոյցներու պաշար մը, որուն մէջ կան փաստեր եւ յանցանշաններ` միջազգային դատարան դիմելու համար: «Մոսկուա պէտք է հրապարակաւ ընդունի իր մեղքը, հակառակ պարագային, Պաքու պիտի դիմէ համապատասխան քայլերու», գրած է գործակալութիւնը:
6 Փետրուարին հաղորդուեցաւ, որ Պաքու պահանջած է դադրեցնել «Ռուսիոյ տան» Ատրպէյճանի մէջ գործունէութիւնը: Ըստ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէի` այս մասին երեք օր առաջ Մոսկուա ուղարկուեցաւ պաշտօնական բողոքագիր մը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Այսպիսի կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը Ատրպէյճանի մէջ կը կարգաւորուի ազգային օրէնսդրութեամբ, երկիրներուն միջեւ փոխադարձութեան սկզբունքով եւ երկուստեք ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ: Մինչդեռ «Ռուսիոյ տուն»ը չէ արձանագրուած իբրեւ իրաւաբանական անձ եւ այդպիսով լրջօրէն կը խախտէ Ատրպէյճանի օրէնսդրութիւնը: Ռուսական կողմէ կ՛ակնկալենք այս ուղղութեամբ համապատասխան միջոցներ»:
«Ռոսսոտրուդնիչեստուօ»ի ղեկավար Եւկենի Փրիմաքով ռուսական պետական պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարեց հետեւեալը. «Մոսկուա բազմաթիւ անգամներ դիմեց ատրպէյճանական կառոյցներուն՝ արձանագրութեան հարցով, սակայն բոլոր դիմումները մնացին անպատասխան: Գնդակը հիմա Ատրպէյճանի դաշտին մէջ է»։
Այս բոլորին զուգահեռ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա ըսաւ, որ Մոսկուա պատրաստ է ՝ «Ռուսիոյ տան» գործունէութեան վերաբերեալ Պաքուի պահանջը կատարելու՝ զայն արձանագրելու եւ Ատրպէյճանի օրէնսդրութեան համապատասխանեցնելու։
Զախարովա վերահաստատեց, որ Մոսկուա ստացած է ռուսական կազմակերպութեան գործունէութիւնը Պաքուի մէջ դադրեցնելու գծով Պաքուի բողոքագիրը:
Մինչ այդ, իշխանամէտ Baku TV-ն օրեր առաջ հրապարակած էր տեղեկատուական նիւթ մը՝ «Ռուսիոյ տուն»ը մեղադրելով մշակութային եւ մարդասիրական գործունէութեան քօղին տակ հակաատրպէյճանական լրտեսութեան մէջ:
«Թուրան»ը իր կարգին կը հաղորդէ, որ օդանաւի կործանումին զուգահեռ Պաքու մտահոգ է նաեւ այն հանգամանքով, որ աղէտին օրը ոչ միայն AZAL օդանաւային ընկերութեան օդանաւը, այլ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահական օդանաւը եւս Ռուսիոյ տարածքին մէջ արհեստագիտական հարցեր ունեցած էր: Առ այդ, օրին պաշտօնապէս հաղորդուած էր, որ Իլհամ Ալիեւ Ս. Փեթերսպուրկի ճամբայէն ետ դարձած է Ղազախստանի մէջ պատահած ողբերգութեան պատճառով:
«Թէեւ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւնները պաշտօնապէս կը մնան «ռազմավարական դաշնակիցներ», սակայն այս իրադարձութիւնները կրնան այդ յարաբերութիւնները քննութեան ենթարկելու հիմք դառնալ», յայտնեց «Թուրան»ը։