4 Փետրուարի երեկոյեան, Ուաշինկթընի Atlantic council-ին մէջ, որ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ մասնագիտացած ամէնէն նշանաւոր կեդրոններէն մէկն է, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ այն երկու կէտերուն, որոնց շուրջ Հայաստան եւ Ատրպէյճան տակաւին չեն համաձայնած՝ Հայաստանի սահմանէն երրորդ երկիրներու, մասնաւորապէս եւրոպացի դիտորդներու հեռացում եւ միջազգային դատարաններէն իրարու դէմ ներկայացուած դատերու յետս կոչում: Ան նշեց, որ 17 յօդուածներէն մնացեալ 15ը համաձայնեցուած են։
«Օրինակ, Հայաստանն ու Ադրբեջանը համաձայնել են ճանաչել միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը` Խորհրդային սահմաններով: Մենք նաեւ համաձայնել ենք ունենալ դրոյթ, որ կողմերը տարածքային նկրտումներ չունեն միմեանց նկատմամբ եւ նման պահանջներ չեն ներկայացնելու նաեւ ապագայում», ըսաւ Փաշինեան՝ խօսելով արդէն իսկ համաձայնեցուած կէտերուն մասին՝ առանց մանրամասնութիւն տալու:
Տարակարծութիւն յառաջացնողներուն անդրադառնալով՝ ան ըսաւ. «Ադրբեջանն առաջարկում է դրոյթ, որն արգելում է երրորդ ուժերի տեղակայումը սահմանի երկայնքով, խօսքը Եւրամիութեան քաղաքացիական առաքելութեան մասին է: Մենք հաշուի ենք առել Ադրբեջանի այդ ցանկութիւնը եւ մեր կողմից առաջարկ ենք արել` կիրառել այդ դրոյթը երկկողմ սահմանի սահմանազատուած հատուածներում»։
Երկրորդ կէտը աւելի մանրամասնելով՝ Փաշինեան ըսաւ. «Դա վերաբերում է միջազգային ատեաններ միմեանց դէմ ներկայացուած հայցերի յետքաշմանը: Ընդհանուր առմամբ, մենք խնդիր չունենք նաեւ այդ գաղափարի հետ, բայց ունենք հետեւեալ առաջարկը` յետ կանչել բողոքները ոչ միայն միջազգային ատեաններից, այլեւ` չբարձրացնել այդ հարցերը երկկողմ յարաբերութիւններում: Մեր առաջարկն է վերջ դնել հակասական թեմաների շուրջ յետագայ քննարկումներին, եւ բացել նոր դարաշրջան երկկողմ յարաբերութիւններում` սկսելով նոր, մաքուր ու դատարկ էջից»։
Այլ հարցերու անդրադառնալով՝ Փաշինեան պնդեց, որ իր կուսակցութիւնը նոր էջ կը բանայ նաեւ հայերուն հանդէպ միջազգային հանրութեան ընկալումներուն մէջ: Ըստ անոր՝ միջազգային միակարծութիւն կայ` եթէ հայ ես, պէտք է զոհուիս, մինչդեռ իր կառավարութիւնը կ՛ուզէ փոխել այս մէկը՝ «հասկանալով, որ դա շատ դժուար, համարեա անհնարին առաքելութիւն է»:
«Հայերը որպէս կանոն իրենք իրենց ներկայացնում են որպէս զոհ, միջազգային համայնքը սովոր է հայերին ընկալել որպէս տուժած ազգ, եւ երբեմն բաւական շփոթեցնող է` որն է պատճառը, որը` հետեւանքը: Երբեմն թւում է, թէ հայերի միջազգային գործառոյթն է դարձել զոհ գնալը, հայերի համար անելու այլ բան չկայ, եւ միջազգային կոնսենսուս (համախոհութիւն) կայ այս հարցում: Մենք փորձում ենք փոխել այդ ճակատագիրը մեր ժողովրդի համար», դիտել տուաւ Հայաստանի վարչապետը:
Խօսելով այդ գործընթացին մէջ Միացեալ Նահանգներու դերակատարութեան մասին` Փաշինեան նշեց, որ իրենք հետեւած են նախագահ Թրամփի ընտրարշաւին եւ արձանագրած, որ կարեւոր է անոր համար խաղաղութեան օրակարգը:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած ելոյթին ընթացքին Փաշինեան պնդեց` Թուրքիոյ հետ Հայաստանի երկխօսութիւնը երբեք այնքան աշխոյժ չէ եղած, որքան ներկայիս։ «Բայց, շատ նրբութիւններ կան եւ յաւելեալ, վերջին ջանքեր են անհրաժեշտ` իրական արդիւնք ունենալու համար: Յոյսով ենք, որ դա տեղի կ՛ունենայ շատ շուտով», ըսաւ ան։