ՖՈՒԼԸՐԹԸՆ, Քալիֆորնիա.- Հռչակաւոր դաշնակահար Սերգէյ Պապայեան 16 Փետրուարին, կէսօրէն ետք ժամը 3էն սկսեալ ելոյթ պիտի ունենայ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆուլըրթընի մասնաճիւղին «Մենկ» համերգասրահին մէջ։
Ան պիտի նուագէ Կոմիտասէն, Շուպերթէն, Շումանէն, Ռախմանինոֆէն եւ այլ յօրինողներէ ստեղծագործութիւններ։
Տոմսերու սակը 10 տոլար է։ Տեղեր ապահովելու համար դիմել (657)278-3371 թիւն։