
Արդէն իսկ հրապարակի վրայ ՝ բազմատաղանդ արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեանի This Is Not Love («Այս Սէր Չէ») հատորը, որ արուեստագէտին անգլերէնով գրուած եւ հրատարակուած երկրորդ վէպը կը հանդիսանայ։
Վէպը պատմութիւնն է հեղինակաւոր գծագրողի մը, որուն մենակեանց կեանքը կը փոթորկի, երբ կը հանդիպի կեանքով լեցուն երիտասարդուհիի մը, որ նոր թափ կու տայ արուեստագէտին ստեղծագործութեան, միաժամանակ զայն տուայտանքի առաջնորդելով։
Գիրքը կը ծախուի Amazon կայքին վրայ։
Վահէն հեղինակն է նաեւ անգլերէն Diary of a Dead Man («Մահացած Մարդու Մը Օրագիրը») հատորին, իսկ ան հայերէնով հեղինակած է «Յանուն Հօր Եւ Որդւոյ» եւ «Նամակներ Զաաթարէն» վէպերը, ինչպէս նաեւ շարք մը թատրերգութիւններ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը: