
Շաբաթ, 1 Փետրուարի կանուխ առաւօտուն, Մեթնի Պսալիմ շրջանին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն եւ Պեքաա շրջանի հոգեւոր տեսուչ Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեան անարգ ոճիրի մը զոհ գնաց:
Անոր սպանութիւնը դատապարտումի լայն ալիք մը յառաջացուց պետական, կրօնական, քաղաքական, հասարակական եւ եկեղեցական շրջանակներու մէջ:
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն հեռաձայնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ դատապարտեց ոճիրը` նշելով, թէ ապահովական մարմինները հետաքննութիւն կը կատարեն` բացայայտելու համար ոճրագործները, որպէսզի խստագոյն պատիժը կրեն:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի եւս հեռաձայնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ դատապարտեց սպանութեան դէպքը` նշելով, որ ինք համապատասխան սպասարկութիւններուն թելադրած է հարցը արագօրէն հետապնդել` բացայայտելու համար դէպքին ծալքերը եւ ձերբակալելու հեղինակները:
Ոճիրը դատապարտուեցաւ նաեւ երեսփոխաններու եւ քաղաքական տարբեր ուժերու կողմէ։
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն այս առիթով հրապարակեց հետեւեալ դատապարտագիրը․
«Շաբաթ, 1 Փետրուար 2025ին բացայայտուեցաւ ահաւոր ոճիր մը, երբ գտնուեցաւ Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեանի դիակը, որուն վրայ կ՛երեւէին տանջանքի հետքերը` գազանային սպանութենէն առաջ: Մենք խստիւ կը դատապարտենք այս անարգ ոճիրը եւ մեր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, վախճանեալ հայր սուրբին ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն եւ սիրելիներուն:
«Պատկան կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք՝ իրենց պարտականութիւնը կատարելու վճռականութեամբ եւ կ՛ակնկալենք, որ ապահովական կառոյցները փութան բացայայտելու այս ահաւոր ոճիրին ծալքերն ու մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ ձերբակալեն ոճրագործները, որպէսզի իրենց արժանի պատիժը ստանան դատական իշխանութենէն: Անհրաժեշտ է, որ արդարադատութիւնը իր արագ հունին մէջ մտնէ, որովհետեւ ամէն պարագայի անընդունելի է, որ լիբանանցիին ապահովութիւնը եւ Լիբանանի մէջ քաղաքացիական խաղաղութիւնը պատանդ մնան անսանձ ոճրագործութեան, որ չի վախնար պատիժէ եւ կ՛անտեսէ իշխանութիւն ու օրէնք»:
ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄ ԵՒ ԿԱՐԳ ԹԱՂՄԱՆ ԱՆԱՆԻԱ Ծ. ՎՐԴ. ԳՈՒՃԱՆԵԱՆԻ
Օրհնութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Երեքշաբթի, 4 Փետրուարի առաւօտեան ժամը 09։30ին, Այնճարի Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեանի վերջին օծման արարողութիւնը։ Ապա, տեղւոյն վրայ ցաւակցութիւններ ընդունելէ ետք, անոր մարմինը պիտի փոխադրուի Անթիլիասի Մայրավանքը, ուր, կէսօրէն ետք ժամը 02։30ին, պիտի կատարուի Գերեզմանի կարգը եւ հայր սուրբին մարմինը պիտի ամփոփուի «Զարեհեան» միաբանական յուշարձան-դամբարանին մէջ։