Շնորհիւ Հենրի Գազանճեան-Գազան հիմնարկին հաստատած հիմնադրամին, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրը հիւր դասախօսներ կը հրաւիրէ, իւրայատուկ դասախօսութիւններու հետեւելու առիթը ընծայելով համալսարանի ուսանողներուն։
2025ի աշնանային կիսամեակին, Հենրի Ք. Գազանճեան Գազանի անուան այցելու դասախօսը պիտի ըլլայ դոկտ. Թալին Սուճեան, որ ծնած եւ հասակ նետած է Պոլսոյ մէջ, իսկ մասնագիտութիւնը ստացած է նախ Պոլսոյ, ապա գերմանիոյ մէջ։ 16 տարներէ ի վեր ան ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ եւ կը դասաւանդէ Միւնիխի համալսարանի Միջին արեւելեան ուսումնասիրութեան հիմնարկին մէջ։
Սուճեան հեղինակն է Outcasting Armenians․ Tanzimat of the provinces («Վտարանդի Հայեր. Գաւառներու Թանզիմաթը», 2023) գիրքին։
Ան Ֆրեզնօ իր կեցութեան ընթացքին պիտի ներկայացնէ երեք հրապարակային դասախօսութիւններ: