
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 31 Յունուարին հրաւիրուած իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին վստահեցուց, թէ ինք Հայոց Ցեղասպանութիւնը չէ ուրացած։
«Ցեղասպանութեան ժխտումը կամ ուրացումը, հերքումը Հայաստանում քրէական յանցագործութիւն է։ Ցեղասպանութեան փաստն անքննելի է եւ անժխտելի», ըսաւ Փաշինեան։
Անոր այս յայտարարութիւնը հակադարձութիւն մըն էր վերջին քանի մը օրերուն իր հասցէին կատարուած սուր քննադատութիւններուն՝ թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ անկէ դուրս։
Փաշինեան անցեալ շաբաթ զուիցարիահայ համայնքին հետ հանդիպումի մը ընթացքին ըսած էր, թէ պէտք է հասկնալ, թէ ինչ տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին եւ թէ որուն միջոցով ընկալած ենք Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը։
«Մեծ Եղեռնը ոչ միայն անհերքելի է, դա մեր ինքնութեան մաս է, դա ուզելով-չուզելով չէ, չկայ տենց (այդպիսի) ուժ, չի կարող դա անել, դա իմ, ձեր, բոլորիս արեան մէջ է, երակների մէջ է, եւ նման բան ասելը նշանակում է չճանաչել սեփական ժողովրդի ինքնութիւնը», յայտարարեց Փաշինեան՝ փորձելով բացատրել, թէ ինք իր յայտարարութեամբ ոչ թէ կասկածի տակ դրաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլ փափաքեցաւ քննարկման առարկայ դարձնել աշխարհը ընկալելու բանաձեւերը, որոնք հաւանաբար սխալ են։
«Խօսքը հետեւեալի մասին է, որ Ցեղասպանութիւնը արդեօք մեզ չպէտք է դրդի, որ մենք մի հատ էլ անդրադառնանք աշխարհն ընկալելու մեր բանաձեւերին։ Մենք իրողութիւնները դարասկզբին էլ, դարի կէսերին էլ, դարավերջին էլ, էսօր էլ կարող է ճշգրիտ չենք ընկալում։ Կարող է մենք չափից աւելի մեծ յոյս ենք դնում արտաքին ինչ-որ քաջալերումներին եւ խրախուսումներին։ Մենք անընդհատ խօսում ենք ու ճիշդ ենք անում, պիտի խօսենք Մեծ Եղեռնի մասին, բայց մեր իրականութեան մէջ ընկալուած է երիտթուրքերի եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան յարաբերութիւնների հարցը», ըսաւ Փաշինեան:
Հակառակ Փաշինեանի այս պարզաբանումներուն, ցեղասպանագէտները, ներառեալ՝ նոյնիսկ Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման աշխարհահռչակ «Լեմքին» հիմնարկը (asbarez.am/archives/475282) կը պնդեն, որ Փաշինեան իր յայտարարութեամբ կ՛աջակցի Ցեղասպանութեան ժխտումին՝ Փաշինեանի քայլը նկատելով վտանգաւոր։
«Անոր իմաստազուրկ յայտարարութիւնները կ՛անտեսեն Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ թուրք, գերմանացի, բրիտանացի, ամերիկացի եւ հայ գիտնականներու, ինչպէս նաեւ այլոց ուսումնասիրութիւնները, խոչընդոտ են յանուն Ցեղասպանութեան զոհերու եւ արդարութեան համար շարունակուող պայքարին առջեւ եւ կը ստեղծեն վտանգաւոր տարածաշրջանային իրավիճակ մը, յատկապէս արցախցիներու հանդէպ Ատրպէյճանի իրականացուցած ցեղասպանութեան ու Հայաստանի նկատմամբ սպառնալիքներու պարունակին մէջ», կ՛ըսուի հիմնարկին յայտարարութեան մէջ։
Փաշինեանի յայտարարութեան խստօրէն հակադարձեց նաեւ Արամ Ա․ կաթողիկոսը (https://asbarez.am/archives/475331)՝ յորդորելով Հայաստանի վարչապետը «քննարկման առարկայ չդարձնել Հայոց Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ծրագրուած ըլլալու անհերքելի փաստը»:
«Հայոց Ցեղասպանութիւնը ծրագրողին ու գործադրողին հասցէն յստակ է, ինչպէս նաեւ՝ Ցեղասպանութեան պատճառները», հակադարձեց կաթողիկոսը՝ աւելցնելով․ «Նման մօտեցումներ, ինչպէս ժողովուրդը կ՛ըսէ, օտարի ջաղացքին ջուր կու տան: Հայոց Ցեղասպանութեան քննութիւնը պատմաբաններու յանձնելու առաջարկը Թուրքիոյ գաղափարն է: Մօտեցում մը, որ մեզի համար անընդունելի եղած է եւ է՛։ Հայոց Ցեղասպանութեան Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ծրագրուած ըլլալու պատմական իրողութիւնը վիճելի եւ, հետեւաբար, քննելի նիւթ չէ՝ նոյնիսկ պետութիւններ, խորհրդարաններ ու միջազգային կազմակերպութիւններ հաստատած են անոր հեղինակին ով ըլլալը: Արդ, այս հանգրուանը անցած ենք եւ փաստօրէն կը գտնուինք հատուցման իրաւական հանգրուանին մէջ, որուն առաջին քայլը հանդիսացաւ 2015ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բացած դատը` ուղղուած Թուրքիոյ պետութեան` պահանջելով Սիսի կաթողիկոսարանին վերադարձը»: