

Մանրազնին մաքրութիւններէ եւ ստուգումներէ ետք, Փասատինայի Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Ազգային մանկամսուր-մանկապարտէզը 29 Յունուարին աշակերտներուն առջեւ իր դռները վերաբացաւ։
7 Յունուարին սկսած Ալթատինայի հրդեհներէն տուժած վարժարանին պատասխանատուները, համագործակցելով մասնագէտներու հետ՝ դիմեցին բարձրագոյն չափանիշներով մաքրագործումի՝ երաշխաւորելու համար աշակերտներուն եւ անձնակազմին առողջութեան ապահովութիւնը։
Հաստատութեան վարիչ դոկտ. Կարին Չուխատարեան շնորհակալութիւն յայտնեցին դպրոցի մեծ ընտանիքին՝ իր համբերութեան եւ վարժարանին նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան համար

