

Չորեքշաբթի, 22 Յունուարի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն, Ս. Ծննդեան տօնին առիթով այցելեց հայ տարեցներու «Արարատ տուն»ը (Միշըն Հիլզ), շնորհաւորեց պատասխանատուներուն եւ իւրաքանչիւր պապիկի-մամիկի Ամանորն ու Ս. Ծնունդը եւ խրախուսեց զանոնք՝ Յիսուս Քրիստոսով յաւիտենական կեանքը ժառանգելու քրիստոնէական ջերմեռանդութեամբ:
Իր խօսքը ուղղելով տարեցներուն՝ սրբազան հայրը գնահատեց իւրաքանչիւրին նուիրուածութիւնը եւ անձնազոհութիւնը իրենց ընտանիքին, շրջապատին ու ազգին՝ ըսելով. «Դուք ձեր երիտասարդութեան, մեծ դեր խաղացած էք իբրեւ հայ ծնողներ, քոյրեր ու եղբայրներ ե՛ւ մեր ընտանիքներու առողջ աճման ու ապահով կեցութեան կարեւոր գործին մէջ, ե՛ւ ազգային իմաստով՝ ձեր զաւակներուն ու թոռներուն հայկական ոգի ու նկարագիր ջամբելու առումով եւ ի կեանս պահելով մեր ազգի դարաւոր աւանդութիւնները»:
Այս առիթով, ան նաեւ անդրադարձաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ 2025ը «Աւանդութիւններու տարի» հռչակելու քայլին եւ տարեցներուն փոխանցեց վեհափառին հայրապետական ողջոյնները, ապա անոնցմէ խնդրեց, որ հանգիստի ներկայ օրերուն մէջ, իրենց աղօթքներուն մէջ յիշեն նաեւ այսօրուան երիտասարդ ծնողները եւ աղօթեն անոնց համար, որպէսզի իրենց նման՝ հայ նոր ծնողները եւս ամբողջապէս կատարեն իրենց ուսերուն դրուած ծնողական ծանր պարտականութիւնները եւ իրենց զաւակներուն ջամբեն հայեցի դաստիարակութիւն, պահպանեն հայկական աւանդութիւններն ու գեղեցիկ սովորութիւնները եւ փոխանցեն իրենց զաւակներուն:
Այնուհետեւ, հոգեւորականաց թափօրը շրջեցաւ նաեւ հայ տարեցներու ապաստանարանի հիւանդանոցային եւ բնակարանային զոյգ բաժինները, ուր Գեղամ արքեպիսկոպոսին գլխաւորութեամբ եւ եկեղեցական շարականներով, հոգեւոր հայրերը կատարեցին թէ՛ տնօրհնէքի եւ թէ ջրօրհնէքի արարողութիւնները, հայ շնորհալիազարդ տարեցներուն մատուցելով Յիսուսի ծննդեան դրուագին նուիրուած աղօթական հոգեպարար պահեր:
Հուսկ, կառոյցի տնօրէն Տերիք Ղուկասեան շնորհակալական խօսք ուղղեց առաջնորդին եւ ուղեկից հայրերուն, ապա կատարեց հիւրասիրութիւն մը:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
