Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Երկուշաբթի, 27 Յունուարի երեկոյեան ժամը 6։30էն սկսեալ, շրջանի հրդեհներէն տուժողներուն հարցերուն նուիրուած աշխատանիստ մը տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի «Ճիվելեկեան» Երիտասարդական կեդրոնին մէջ, որուն հասցէն է՝ 2242 E. Foothill Blvd., Pasadena, CA 91107։
«Պզտիկ Քեսապ» հիմնարկէն իրաւաբան Ռաֆֆի Քասապեան մասնագիտական եւ իրաւական տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ ներկաներուն, իսկ Allied Public Adjuster-էն Հրաչ Ղազարեան ցուցմունքներ պիտի տայ ապահովագրական ընկերութիւններու ներկայացուելիք դիմումներուն մասին։