ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթ Տաւոսի մէջ Հայաստանի վարչապետի Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումին լուսանկարը հրապարակելով՝ «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է հետեւեալը. «Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանը կարեւոր է համաշխարհային ապահովութեան համար, կը խրախուսեմ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան վերաբերող ջանքերը»:
Ան նաեւ յայտնեց, որ Տաւոսի մէջ լաւ քննարկում ունեցած է Փաշինեանի հետ՝ ՆԱԹՕ-Հայաստան երկխօսութեան եւ համագործակցութեան շարունակութեան վերաբերեալ: