
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իրենց՝ նախորդ շաբաթ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ)՝ Հայաստանի մասնակցութեան սառեցման հարցը չեն քննարկած, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով, որ նաեւ մեկնաբանեց Հայաստանի արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան զեկոյցը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Քիչ հաւանական ենք գնահատում, որ 2025 թուականին Հայաստանի կողմից ՀԱՊԿ անդամութեան սառեցման հիմքերը կը վերանան, ինչը մեր գնահատմամբ՝ նշանակում է, որ անվտանգային այս կառոյցի հեղինակութիւնը կը շարունակի մնալ էականօրէն կասկածի տակ եւ հետեւութիւնների աղբիւր միւս անդամ պետութիւնների համար»:
«Ո՛չ, այդ թեման չքննարկուեցաւ նախագահին եւ վարչապետին վերջին հեռաձայնային զրոյցին ընթացին», ըստ «Թասս«ին՝ ըսաւ Փեսքով՝ աւելցնելով, որ Հայաստան մինչեւ օրս չէ յայտարարած ՀԱՊԿէն հեռանալու՝ իր փափաքին մասին:
«ՀԱՊԿը ինքնուրոյն, հասուն եւ իր արդիւնաւէտութիւնը ապացուցած կազմակերպութիւն է», դիտել տուաւ Փեսքով:
Ասոր զուգահեռ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն օրեր առաջ ունեցած հանդիպումը տեւած է գրեթէ երեք ժամ եւ անկեղծ բնոյթ ունեցած է:
Զախարովա նշեց, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ հաշտութեան եւ ամուր ու կայուն խաղաղութեան իրական ճանապարհային քարտէսը 2020էն 2023 ընդունուած եռակողմ յայտարարութիւններուն մէջ է՝ աւելցնելով, որ Մոսկուա կը պաշտպանէ Պաքուի ու Երեւանի ուղիղ երկխօսութիւնը եւ միշտ պատրաստ է ցուցաբերելու անհրաժեշտ աջակցութիւնը բոլոր հարցերուն մէջ՝ խաղաղութեան պայմանագիրի մշակման, երթեւեկի հաղորդակցութեան եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման, սահմաններու սահմանազատման եւ սահմանագծման, քաղաքացիական հասարակութիւններու շփումներու զարգացման, կայուն խաղաղութեան հաստատման նպատակով:
Մեկնաբանելով Պաքուի մէջ մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներով ընթացող հայ գերիներու շինծու դատավարութեան վերաբերող հարցը՝ Զախարովա ըսաւ. «Եթէ խօսինք Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան մասին ընդհանրապէս, որ երկար տարիներ չէ դադրած, հակառակ տարբեր փորձերուն, անիկա պատճառ դարձած է մեծ հարցերու, որոնց կարգին՝ ահռելի մարդասիրական հարցերու Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ: Եւ ինքնին Ռուսիոյ, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի առաջնորդներուն միջեւ եռակողմ գործընթացի ծիրին մէջ ձեռք բերուած են պայմանաւորուածութիւններ, նաեւ՝ մարդասիրական հարցերու լուծման անհրաժեշտութեան վերաբերեալ»: Զախարովա յայտնեց, որ եռակողմ պայամանաւորուածութիւններու իրագործումը պիտի նպաստէ վստահութեան, Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութեան մթնոլորտին:
«Խօսելով տարածաշրջանային համագործակցութեան 3+3 ձեւաչափին մասին՝ անիկա հեռանկարային գործիքակազմ մըն է: Վերջին՝ երրորդ հանդիպումին, որ տեղի ունեցած Պոլսոյ մէջ՝ նախորդ տարուան 18 Հոկտեմբերին, երկիրներու արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարները համադրեցին հետագայ գործողութիւններու ծրագիրը, որ, համոզուած եմ, թէ պիտի իրականանայ 2025ին», յայտնեց Զախարովան եւ ընդգծեց, որ վատ չէր ըլլար, եթէ կողմերը ցուցաբերէին յարգալից վերաբերմունք միջազգային իրաւունքի եւ իրարու նկատմամբ: