

Լիբանանի մէջ, ՋԱՀ (Ջաւախք, Արցախ, Հայաստան) յանձնախումբը նախաձեռնած է շարք մը հայկական ժապաւէններու ցուցադրութեան` նպատակ ունենալով ներկայացնել ազգային ժառանգութիւնը եւ խթանել հայաստանցի ու սփիւռքահայ բեմադրիչներու գործերը:
Այդ ծիրին մէջ, Ուրբաթ, 17 Յունուարի երեկոյեան, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկ Օրդեանի «Զուլալի» գեղարուեստական ժապաւէնին ցուցադրութիւնը:
Ժապաւէնը հիմնուած է Նարինէ Աբգարեանի համանուն վէպին վրայ եւ կ՛անդրադառնայ համամարդկային արժէքներու` ընտանիք, սէր, ցաւ եւ տառապանք, ներկայացնելով զգացական պատմութիւն մը:
Տաւուշի բնութեան հրաշալի պատկերներուն զուգահեռ, ժապաւէնին մէջ շեշտուած կերպով կ՛երեւին բնակիչներուն թշուառութիւնը եւ իրենց ճակատագիրին յանձնուած սահմանամերձ գիւղի բնակիչներուն հոգեվիճակը: Մէկ յարկի տակ ապրող գլխաւոր հերոսներէն իւրաքանչիւրը կը մարմնաւորէ տարբեր նկարագիր մը եւ հոգեբանութիւն մը, որոնց վրայ իրենց ազդեցութիւնը ունին կեանքի պայմանները եւ մարդոց դրական թէ ժխտական վերաբերումները:
Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւողութիւն ունեցող ժապաւէնին մէջ յստակ կերպով կ՛ընդգծուի լաւին եւ վատին հանդիպումը, ժխտականին յաջորդող դրականը, որմով իր աւարտին կը հասնի «Զուլալի»ն:
Ցուցադրութեան ներկայ գտնուող հանդիսատեսը մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց ժապաւէնին նկատմամբ` շեշտելով անոր գեղարուեստական արժէքը եւ խորիմաստ պատգամը: