Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան 20 Յունուարին Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Սէյիտ Ապպաս Արաղչիի հետ։ Անոնք քննարկեցին երկու երկիրներուն համար կարեւոր նկատուող ընթացիկ քաղաքական հարցեր:
Կոստանեան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու գծով տեղակալ Մաճիթ Թախթ Ռաւանչիին հետ։ Անոնք անդրադարձան Հայաստանի եւ Իրանի համագործակցութեան բոլոր ոլորտներուն մէջ գործակցութեան բարձր մակարդակին, քաղաքական երկխօսութեան` կարեւոր նկատելով յարգանքի եւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտին մէջ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման ուղղութեամբ համատեղ ջանքերու գործադրութիւնը: Անոնք ընդգծեցին արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններու նկատմամբ փոխադարձ յարգանքը:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան` Կոստանեան վերահաստատեց, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ Իրանի սկզբունքային դիրքորոշումը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը ու սահմաններու անքակտելիութիւնը անվերապահօրէն յարգելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին երկու երկիրներուն տնտեսական փոխգործակցութեան խորացման հեռանկարներուն վերաբերեալ: Յատկապէս կարեւոր նկատուեցաւ ենթակառուցուածքային եւ ուժանիւթի ոլորտին մէջ արդէն իսկ իրականացուող նախագիծերը եւ նախանշուող ծրագիրները շարունակելը:
Կոստանեան իր զրուցակիցին ներկայացուց նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները` ընդգծելով, որ Հայաստան հաւատարիմ է խաղաղութեան օրակարգին եւ նոյնը կ՛ակնկալէ Ատրպէյճանէն: Այս ծիրին մէջ կարեւոր նկատուեցաւ Հայաստանի դիմադրականութեան բարձրացման վերաբերող քայլերը: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն շուրջ:
Նոյն օրը, Կոստանեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Իրանի գերագոյն առաջնորդի խորհրդական եւ արտաքին յարաբերութիւններու ռազմավարական խորհուրդի ղեկավար Քամալ Խարազիի հետ: Անդրադառնալով երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգին` զրուցակիցները բարձր գնահատեցին Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ փոխգործակցութիւնը եւ կարեւոր նկատեցին յարաբերութիւններու շարունակական խորացման վերաբերող ջանքերը: Անոնք ընդգծեցին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սահմաններու անքակտելիութիւնը անվերապահօրէն յարգելու անհրաժեշտութեան գծով Իրանի սկզբունքային դիրքորոշումին կարեւորութիւնը: Գոհունակութեամբ արձանագրուեցաւ նաեւ տնտեսական եւ ենթակառոյցներու ոլորտներուն մէջ երկու երկիրներու փոխյարաբերութիւններու շարունակուող զարգացումը:
Կոստանեան Խարազիին ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգային հարցերու եւ տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն վերաբերող գործընթացներու մանրամասնութիւնները` ընդգծելով, որ Հայաստանի վարած հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութեան ծիրին մէջ, յատուկ կարեւորութիւն ունի Հայաստանի յարաբերութիւններու շարունակուող զարգացումը տարածաշրջանային գործընկերներու, մասնաւորաբար` Իրանի հետ: