

Կիրակի, 5 Յունուարի երեկոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ Ճրագալոյցի արարողութիւն՝ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնին առիթով եւ ընթերցուեցաւ առաջնորդին Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան պատգամը՝ հաւատացեալ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հոգիները լեցնելով աստուածային լուսառատ ապրումներով եւ նորոգ յոյսով:
Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Ճրագալոյցի Ս. պատարագ մատոյց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ եւ քարոզեց՝ տօնին խորհուրդը սփռելով շրջանի հայութեան կեանքին մէջ:
Ճրագալոյցի արարողութեան սպասարկեցին եկեղեցւոյ հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան, սարկաւագներ, դպիրներ եւ երգեցիկ խումբը: Հաւատացեալ ժողովուրդի շարքին էին շրջանի ազգային երեսփոխաններ, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Իր պատգամին մէջ, վեր առնելով Քրիստոսի ծննդեան աստուածաշնչեան դրուագը՝ Գեղամ արքեպիսկոպոսը անդրադարձաւ հրեշտակներու կողմէ Յիսուսի ծննդեան՝ առ մարդիկ աւետման երեւոյթին եւ դիտել տուաւ, որ երկինքը այդ պահուն աշխարհի մարդոց փրկութեան բարի լուրն էր որ կ՛աւետէր եւ ուրեմն մեծ ուրախութեան մէջ էր, որովհետեւ, այսպէսով, Հայր Աստուծոյ փրկագործական ծրագիրն էր, որ կեանքի կը կոչուէր:
Բացատրելով Խթումը, ան նշեց, որ տօնին նախորդող երեկոն պարտականութիւններու գիտակցութեան վերանորոգման առաջնորդող գիշերն է, եւ ինչպէս որ մոգերը ճամբայ ելան իրենց Փրկիչը՝ Մանուկ Յիսուսը նուէրներով դիմաւորելու, նոյնպէս մենք՝ մարդերս, պէտք է բարեպաշտական մեր պարտականութիւնները ուրախութեամբ կատարենք՝ Քրիստոսի ծննդեան ուրախ տօնին առիթով:
Արարողութեան աւարտին, Ս. Ծննդեան աւետիսի հոգեպարար խորհուրդով առլցուն, բարեպաշտ ժողովուրդի զաւակներ՝ աղօթական ջերմեռանդութեամբ տոգորուած, Յիսուսի խորհրդանիշ՝ օրհնուած մոմի լոյսով բոցավառ՝ մոմեր եւ ճրագներ ի ձեռին՝ փութացին լուսաւորել իրենց եւ իրենց սիրելիներուն տուները:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ