Պաքուի մէջ տեղի ունեցող տնտեսական համագործակցութեան Վրաստան-Ատրպէյճան միջկառավարական յանձնախումբի նիստին ընթացքին, Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախշիծէ յայտարարեց, որ Հայաստանին ու Ատրպէյճանին կ՛առաջարկեն եռակողմ համագործակցութեան նախաձեռնութիւն մը, որ կը նախատեսէ Հարաւային Կովկասի բոլոր 3 երկիրներուն ներգրաւումը զանազան ոլորտներու մէջ։
«Մենք անկեղծօրէն շահագրգռուած ենք յստակ գործնական քայլերու ձեռնարկելու եւ խթանելու շրջանին մէջ համագործակցութիւնը», ըսաւ Քոպախշիծէ ՝ դիտել տալով, որ այդ ծիրին մէջ ներկայացուեցաւ Վրաստանի այդ առաջարկը։
Մինչ այդ, Քոպախշիծէ միջկառավարական տնտեսական նիստին սկիզբը յայտարարած էր հետեւեալը. «Ատրպէյճան Վրաստանի կարեւորագոյն ռազմավարական գործընկերներէն է։ Շրջանային համագործակցութեան ծիրին մէջ, ուժանիւթային ու երթեւեկի հաղորդակցութեան ուղիներու յաջող գործունէութիւնը ապահովելը, հակամարտութիւնները լուծելը եւ շրջանին ապահովութեան նպաստելը կարեւոր են»։