Սիւնիքի մարզի դատարանը 15 Յունուարին, Արցախի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար, զօրավար Ջալալ Յարութիւնեանը մեղաւոր նկատեց Քրէական օրէնսգիրքի 550րդ յօդուածի 3րդ մասին հիման վրայ` ռազմական դրութեան, պատերազմի ժամանակ զինուորական ծառայութեան նկատմամբ անփոյթ վերաբերմունքի համար, որուն պատճառով արձանագրուած են ծանր հետեւանքներ: Այս մասին «Ազատութեան» յայտնեց տուժողի կողմի շահերու ներկայացուցիչ Լիպարիտ Սահակեան, որ ըսաւ, թէ Յարութիւնեան մեղադրանքը չէ ընդունած:
Ըստ Սահակեանի` դատարանը մեղաւոր նկատեց Ջալալ Յարութիւնեանը՝ 2020ի 44օրեայ պատերազմին ընթացքին`12 Հոկտեմբերին, Ֆիզուլիի ուղղութեամբ` Ջուվառլու կոչուող բնակավայրի մօտակայքը, «Ցորի» զօրամասի 20 զինուորներու մահուան համար, որոնք սխալ հրամանի պատճառով յայտնուած էին Ատրպէյճանի զինուժի պաշարումին մէջ եւ սպաննուած:
Սահակեան աւելցուց, որ տակաւին պատիժ չէ ճշդուած. անիկա պիտի որոշուի յաջորդ նիստին: Ան նաեւ յայտնեց, որ կը նախատեսուի անոր 5էն 10 տարիներու բանտարկութիւն սահմանել:
Ջալալ Յարութիւնեանի փաստաբան Արսէն Սարդարեան իր կարգին յայտնեց, որ նախկին հրամանատարը չ՛ընդունիր իր մեղաւոր ըլլալը, եւ իրենք պիտի բողոքարկեն դատարանի որոշումը: