Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի 13 Յունուարի հրամանագիրով Յասմիկ Տոլմաջեան նշանակուեցաւ Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան (նստավայրը` Ժընեւ):
Տոլմաջեան 25 Հոկտեմբեր 2024էն սկսեալ Ժընեւի մէջ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) գրասենեակին եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչն է:
Ան 2018ին նշանակուած էր Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան, իսկ 2020ին, համատեղութեան կարգով՝ Մոնաքոյի մօտ Հայաստանի դեսպան: Հոկտեմբեր 2024ին նախագահին հրամանագիրներով ան յետս կոչուեցաւ այդ պաշտօններէն եւ նշանակուեցաւ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ: