
Շաբաթ, 11 Յունուար ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան եւ Ազգային վարչութեան դիւանը, մեկնելով Լոս Անճելըս գաւառը հարուածած մեծածաւալ հրդեհներու պատճառով շարունակուող ահազանգային իրավիճակէն՝ խորհրդակցական հանդիպումի մը հրաւիրեցին Լոս Անճելըս գաւառին մէջ գործող ծուխերու հոգեւոր հովիւները եւ հոգաբարձութիւններու ատենապետները: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ առցանց դրութեամբ՝ առիթ տալով մօտէն իրազեկ դառնալու իւրաքանչիւր ծուխի իրավիճակին եւ ըստ կարելւոյն օժանդակութեան ձեռք երկարելու կարելիութիւններուն մասին խորհրդածելու:
Խորհրդակցական հանդիպումին ընթացքին եզրակացուեցան հետեւեալները.
– Իւրաքանչիւր ծխական շրջանի մէջ յառաջացնել օժանդակ յանձնախումբեր, համադրելու համար օժանդակութիւն հաւաքելու աշխատանքը (անհրաժեշտ պիտոյքներ եւ ուտելիք) եւ տնօրինելու համար անոնց բաշխումը կարիքաւորներու:
– Ցանկագրել իւրաքանչիւր շրջանի մէջ իրենց գործատեղիները կամ բնակավայրերը կորսնցուցած հայորդիներու անունները:
– Լոս Անճելըս շրջանի մեր եկեղեցիներու սրահները տրամադրելի պահել իբրեւ ապաստանարան ծառայելու իրենց բնակավայրերը կորսնցուցած հայորդիներուն եւ հնարաւորութեան սահմաններու մէջ անոնց օժանդակութիւն տրամադրելու:
– Թեմի բոլոր եկեղեցիները եւ Ազգային առաջնորդարանը պիտի ընդունին նուիրատուութիւններ (առցանց թէ այլապէս): Հանգանակուած գումարները պիտի կեդրոնացուին Ազգային առաջնորդարանին մօտ, անոր հովանիին տակ գործող Օժանդակութեան կեդրոնական յանձնախումբին միջոցաւ տրամադրելու համար կարիքաւորներուն:
Նշենք նաեւ, որ առաջնորդ սրբազանը եւ Ազգային վարչութիւնը յարատեւօրէն պիտի հետեւին իրավիճակին եւ ըստ պահանջի՝ տնօրինեն պարտն ու պատշաճը մեր կարելի սահմաններուն մէջ, ցնոր տնօրինում:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ