
Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարները՝ Արարատ Միրզոյեան եւ Էնթընի Պլինքըն Ուաշինկթընի մէջ ստորագրեցին ռազմավարական գործընկերութեան կանոնադրութիւնը:
«Կը կազմենք ռազմավարական գործընկերութեան յանձնաժողով մը, որ կ՛ենթադրէ ընդլայնել փոխգործակցութիւնը տնտեսական, ապահովական եւ պաշտպանութեան, ժողովրդավարութեան, ներառականութեան եւ միջանձնական յարաբերութիւններու ոլորտներուն մէջ», յայտարարեց Պլինքըն, որ նաեւ յայտնեց, թէ Հայաստանի հետ կ՛աշխատին ամրապնդել ջանքերը գերիշխանութեան եւ գերիշխան տարածքի պաշտպանութեան:
Պլինքըն ըսաւ, որ յառաջիկայ շաբաթ Միացեալ Նահանգներէն սահմանային ապահովութեան յատուկ խումբ մը պիտի մեկնի Հայաստան, որպէսզի միասնաբար սահմանային ապահովութեան աշխատանքներ իրականացուին:
Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ուաշինկթընի ջանքերուն՝ Հայաստանի գերիշխան տարածքի ամբողջականութեան եւ Հայաստանի անկախութեան աջակցելուն համար: Ան ըսաւ, որ Երեւան հաւատարիմ կը մնայ խաղաղութեան օրակարգին եւ Միացեալ Նահանգներուն հետ սերտօրէն աշխատելուն:
«Խորապէս գնահատում ենք ԱՄՆի հաստատուն աջակցութիւնը ՀՀ անկախութեանը, ինքնիշխանութեանը եւ տարածքային ամբողջականութեանը», յայտնեց Միրզոյեան՝ աւելցնելով. «Հայաստան-ԱՄՆ ռազմավարական գործընկերութեան կանոնադրութիւնը ձեւաւորում է ամուր հիմք եւ մեր համագործակցութիւնը դարձնում աւելի յաւակնոտ: Այն ընդգրկում է բազմաթիւ ոլորտներ, այդ թւում` տնտեսական եւ էներգետիկ (ուժանիւթի) կապերի ամրապնդում, հաղորդակցութիւններ, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան համագործակցութեան խորացում, ժողովրդավարական ինստիտուտների (կառոյցներու) ամրապնդում, արդարադատութեան եւ օրէնքի գերակայութեան խթանում, նորարարութիւնների եւ բարձր տեխնոլոգիաների (արհեստագիտութիւններու) զարգացում, ինչպէս նաեւ մարդկանց միջեւ շփումների ընդլայնում», ըսաւ Միրզոյեան՝ ընդգծելով, որ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւնները` հիմնուած ընդհանուր արժէքներու եւ փոխադարձ շահերու վրայ, վերջին տարիներուն նշանակալի զարգացում ապրած են: «Դրանք հասել են այնպիսի մակարդակի, որի դէպքում ռազմավարական գործընկերութեան հաստատումը ոչ միայն համապատասխանում է ներկայիս իրողութիւններին, այլեւ էական նշանակութիւն ունի բարդ աշխարհաքաղաքական պայմաններում գործելու համատեքստում», աւելցուց Միրզոյեան։
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին եւ անոր խումբին՝ երկու երկիրներու համագործակցութիւնը նոր մակարդակի բարձրացնելու ուղղութեամբ ներդրուած ջանքերուն համար՝ շեշտելով, որ Երեւան պատրաստակամ է աշխատելու Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմին հետ: «Նայելով ապագային` մենք ցանկանում ենք շարունակել համագործակցութիւնն ԱՄՆ նոր վարչակազմի հետ` մեր Ռազմավարական գործընկերութեան կանոնադրութեան մէջ նշուած յաւակնոտ նպատակներն իրագործելու ուղղութեամբ: Թող այս Կանոնադրութիւնը ծառայի որպէս Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգների միջեւ ռազմավարական յարաբերութիւնների խորացման վկայութիւն եւ ընդհանուր ձեռքբերումներով լի ապագայի ճանապարհային քարտէզ», հաստատեց Միրզոյեան եւ աւելցուց՝ըսելով. «Մենք նաեւ սկսում ենք բանակցութիւնները ԱՄՆ հետ` միջուկային համագործակցութեան համաձայնագրի շուրջ, որը յայտնի է որպէս «123րդ համաձայնագիր»: Այն կ՛ընձեռի խաղաղ նպատակներով միջուկային էներգիայի օգտագործման հարցում համագործակցութեան շրջանակ եւ կը նշանաւորի մեր յանձնառութիւնը միջուկային էներգիայի խաղաղ զարգացմանը` ապահովութեան, անվտանգութեան եւ չտարածման ամենաբարձր չափանիշներով»։
Ըստ ամերիկեան կողմին՝ Ռազմավարական գործընկերութեան փաստաթուղթի ստորագրութեան արարողութենէն ետք, Պլինքըն եւ Միրզոյեան դռնփակ հանդիպում մը պիտի ունենան։