9 Յունուարին՝ Սերգէյ Փարաճանովի ծննդեան օրը, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան նախաձեռնութեամբ, Լիոնի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցան աշխարհահռչակ բեմադրիչին 100ամեակին նուիրուած երկու ձեռնարկներ՝ լուսանկարչական ցուցահանդէս մը եւ դասախօսութիւն մը՝ արուեստի պատմաբան եւ ընկերաբան փրոֆ. Ալէն Նաւարա-Նաւասարդեանի մասնակցութեամբ:
Գլխաւոր հիւպատոս Նարինէ Նիկոլեան իր ելոյթին ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց Լիոնի քաղաքապետ Կրեկորի Տուսէին եւ փոխքաղաքապետ Սոնիա Զտորովցոֆին՝ սոյն նախաձեռնութեան աջակցելնուն, Ալէն Նաւարա-Նաւասարդեանին՝ յիշարժան դասախօսութեան, ինչպէս նաեւ Մաքսիմ Եւատեանին եւ անոր «Հայաստանի Ակունքները» միութեան՝ ձեռնարկներու նախապատրաստութեան ընդառաջ տարած աշխատանքին համար։



Ցուցահանդէսը կազմակերպուած էր Երեւանի՝ Փարաճանովի թանգարանին հետ գործակցաբար։ Ցուցադրուեցան արուեստագէտին դիմանկարները, «քոլաժ»ները, յատկապէս՝ «Քանի մը դրուագ Ժոքոնտի կեանքէն» շարքէն, «Նռան Գոյնը» ժապաւէնի զգեստներու ուրուագիծերը, բանտին մէջ ստեղծուած գործերը եւ այլն:
Լուսանկարներու մեծ մասին հեղինակն է՝ լուսանկարիչ, Փարաճանովի թանգարանի հիմնադիր Զաւէն Սարգսեան:
Լիոնի քաղաքապետարանի Atrium-ին մէջ տեղի ունեցած ցուցահանդէսը հանրութեան համար բաց մնաց մինչեւ 16 Յունուար: